ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԵՒ ՍՈՒՐԲ ԳԻՐՔԻ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ

Քրիստոնէական Դաստիարակութեան յանձնախումբը, Չորեքշաբթի, 20 Օգոստոս 2025-ի երեկոյեան ժամը 8։00-ին, կազմակերպեց Երիտասարդական հաւաքն ու Սուրբ Գիրքի հերթական սերտողութիւնը եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ։

Սերտողութիւնը վարեց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան։ Հայր Սուրբը ներկայացուց Մարկոսի Աւետարանին երկրորդ գլուխը՝ պարզաբանումներով եւ մեկնաբանութիւններով։ Ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան իսկ հարցումներու եւ քննարկումներու միջոցով առաւել խորացուցին սերտողութեան նիւթը։

Սերտողութենէն ետք, ներկաները եկեղեցւոյ բակին մէջ մասնակցեցան խարոյկի բոցավառութեան, վայելեցին հիւրասիրութիւնը եւ մտերմիկ զրոյցներով փակեցին երեկոն։