ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ԲԱԺԻՆ

ՀՈԳԵՒՈՐ ԿԵԱՆՔԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒՄԸ ԲՈԼՈՐԻՍ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ

Հռչակագիր… Տարիները կը հռչակուին արժէքներու հիման վրայ, եւ անոնք մեզի համար վերյիշեցման ու զարթօնքի առիթ կը դառնան։

Նորին Սուրբ Օծութիւն Տէր Տէր Արամ Ա. Կաթողիկոս 2026 տարին հռչակեց «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգման Տարի»։

Իւրաքանչիւր Նոր Տարուան ընթացքին կը մտածենք նոր քայլերու մասին եւ պէտք է մտածենք, կը մտածենք կեանքի նոր ապրելակերպ եւ ապրելաոճ ունենալու մասին եւ պէտք է մտածենք, սակայն այդ մտածումներէն դուրս չձգենք եւ պէտք չէ ձգենք հոգեւոր կեանքի վերանորոգումը։

Հոգեւոր կեանքի վերանորոգումը նախ կը սկսի մեր անձերէն։ Եթէ մենք մեր անհատական կեանքը հոգեւոր կեանքով չվերանորոգենք, այլ խօսքով Տիրոջ խօսքին չմօտենանք, Տիրոջ խօսքը կեանքի չվերածենք, Եկեղեցւոյ ծիսակատարութիւններուն մաս չկազմենք, աղօթական կեանքին մէջ աճ չարձանագրենք, չենք կրնար վերանորոգուիլ, չենք կրնար մեր հոգին առողջ պահել, ինչպէս ի գին ամէն ջանքի մեր ֆիզիքականը կը պահենք։

Արտօնեցէք հոգեւոր կեանքի պատկերացումն ու արժեւորումը կատարեմ մերօրեայ լոյսի արագընթաց զարգացման օրինակով։ Բոլորս ընկերային ցանցերուն մէջ ներկայութիւն ենք՝ ուզենք թէ ոչ, եւ բոլորս մեր ընկերային ցանցերուն մէջ նկարներ կը տեղադրենք եւ անոնք կը դառնան մեր արխիւատունը, իսկ հիմա նայինք մեր հոգեւոր կեանքին մէջ ինչ նկարներ տեղադրած ենք ու զանոնք մեր արխիւատունը դարձուցած, այսպէս.-

ա) Հոգեւոր կեանքի վերանորոգում՝ մեր ընտանիքներուն մէջ

Մերթ ընդ մերթ մեր բջիջային հեռաձայններուն մէջ կը դիտենք հին նկարներ եւ անոնց ընդմէջէն կը թարմացնենք, կը վերապրինք անցեալի յիշատակները։ Այսօր սակայն, եկէ՛ք միասնաբար հայեացք մը նետենք մեր հոգեւոր կեանքի «նկարներուն» վրայ եւ տեսնենք, թէ անցնող տարիները մեր ընտանեկան յարկին տակ ի՛նչ պատկերներ ձգած են։

Այդ պատկերներուն մէջ գուցէ տեսնենք եկեղեցւոյ պարապ աթոռներ՝ զորս մենք, իբրեւ քրիստոնեայ ընտանիքներ, մեր զաւակներով չէինք լեցուցած։ Տեսնենք տօնական օրերու ընթացքին մեր ընտանիքներուն բացակայութիւնը՝ եկեղեցական կեանքէն։ Տեսնենք գոց Աստուածաշունչ մը, որ ժամանակի ընթացքին փոշի առած է։ Տեսնենք ընտանիքներ, որոնք աստիճանաբար հեռացած են Յիսուսէն։

Այս պատկերները քննադատութիւն չեն, այլ հրաւէր եւ ահազանգ՝ հոգեւոր կեանքի վերանորոգման։ Անոնք մեզ կը կոչեն արթննալու, վերադառնալու եւ վերակերտելու մեր ներքին կեանքը։ Եկէ՛ք միասնաբար վերանորոգուինք մեր հոգեւոր ընթացքին մէջ, ուղղուինք դէպի Հայ Եկեղեցի, բանանք մեր Աստուածաշունչ մատեանները, մօտենանք Յիսուսին եւ Իր կենդանի ներկայութիւնը ներմուծենք մեր ընտանիքներուն ու մեր շրջապատին մէջ։

բ) Հոգեւոր կեանքի վերանորոգում՝ մեր կառոյցներուն եւ կազմակերպութիւններուն մէջ

Դարձեալ եկէ՛ք անդրադառնանք մեր հին «նկարներուն»։ Անոնց մէջ յստակ կը նշմարենք, թէ վերջին քանի մը տարիներուն մեր հայ-քրիստոնէական կառոյցներն ու կազմակերպութիւնները իրենց կենդանի ներկայութեամբ յաճախ չեն գեղեցկացուցած Հայ Եկեղեցւոյ կեանքի պատկերները։ Իսկ նկարը չի գեղեցկանար միայն մեծ տօներուն, այլ՝ կիրակնօրեայ պատարագներուն կանոնաւոր մասնակցութեամբ, եկեղեցական կեանքին մէջ պատասխանատու դերեր ստանձնելով եւ Հայ Եկեղեցւոյ հետ առողջ յարաբերութիւն մշակելով։

Հոգեւոր կեանքը չի սահմանափակուիր քսանչորս ժամ անդադար աղօթքով։ Հոգեւոր կեանք կը նշանակէ մեր հոգին, միտքը եւ սիրտը կապել եկեղեցւոյ արժէքներուն, անոնց համար ի գործ դնել մեր կարողութիւնները եւ մեր գործունէութեան մէջ կերտել հաւասարակշռուած եւ գիտակից յարաբերութիւն մը։

Եկէ՛ք այս Նոր տարուան ընթացքին վերափոխենք անցեալի տհաճ պատկերները՝ դարձնելով զանոնք կենդանի, լուսաւոր եւ յոյս ներշնչող նկարներ։

գ) Հոգեւոր կեանքի վերանորոգում՝ եկեղեցւոյ մէջ

Հոս կը յիշենք Գործք Առաքելոց գիրքին 2-րդ գլխուն 42-րդ համարը, ուր առաքեալը կ՚ըսէ. «Յարատեւ կերպով անոնք Քրիստոսի վարդապետութիւնը կը սորվէին առաքեալներէն եւ կը մասնակցէին հաւաքական ճաշերուն, հաց բեկանելու արարողութեան եւ աղօթքներուն»։

Այս տողերը հոգեւոր կեանքի վերանորոգման յստակ ու մնայուն ուղեցոյց են։ Սակայն այսօր մենք հրաւիրուած ենք միասնաբար խորհելու ոչ միայն անոնց բովանդակութեան, այլեւ անոնց գործադրութեան ձեւին շուրջ։ Այսինքն՝ այսօր ի՛նչ միջոցներով եւ ի՛նչ լեզուով կրնանք Քրիստոսի վարդապետութիւնը փոխանցել, որպէսզի անիկա ըլլայ հասանելի, կենդանի եւ հոգեպէս սնուցող։ Ինչպէ՞ս կրնանք ժողովուրդը, մանաւանդ երիտասարդութիւնը, հրաւիրել հաւաքական կեանքի, հաց բեկանելու արարողութեան՝ մեր օրերու ընկալումով Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին։

Այսօրուան երիտասարդը կը փնտռէ հաւասարակշռուած նոր մօտեցում, նոր ոճ ու ապրուած վկայութիւն։ Հոգեւոր կեանքի վերանորոգումը կը պահանջէ զարգացում՝ առանց էութիւնը փոխելու։ Արագընթաց կերպով փոխուող աշխարհի մը մէջ, եթէ Եկեղեցին չկարենայ քայլ պահել ժամանակին հետ՝ հաղորդելով իր անփոփոխ ճշմարտութիւնը ժամանակակից լեզուով ու ձեւով, ապա անոր ներկայացուած «նկարները» կրնան չարտացոլել սպասուած ազդեցութիւնն ու պտուղը։

Ուստի, խոհեմութեամբ եւ համարձակութեամբ միասնաբար վերանորոգենք եկեղեցական կեանքը, որպէսզի անիկա մնայ կենդանի, գրաւիչ եւ առաջնորդող՝ առ Քրիստոս։

Վեհափառ Հայրապետին հռչակագիրերը իրարու հետ երկխօսութեան առիթներ կը բանան, անոնք նաեւ մեզի մտածելու, ծրագրելու եւ ձեռնարկելու իրականութեան առջեւ կը դնեն։ Ուստի, եկէ՛ք, բոլորիս մասնակից ներկայութեամբ երկխօսութեան կլոր սեղանի շուրջ նստինք եւ միասին մտածենք, ծրագրենք, ձեռնարկենք, թէ ինչպէս կրնանք Հայրապետին հայրական թելադրանքներն ու մատնանշումները իրականութեան վերածել՝ «Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգում»ի շուրջ, որովհետեւ «Հաւատքը առանց գործերու մեռած է» (Յակոբոս 2.26), նոյնպէս ալ՝ խօսքը առանց գործի…։

ԱՒԵՏԻՔ ՎՐԴ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ