ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ

Մարկոսի Աւետարանէն. 10.1-12
     

         «Յիսուս Հրէաստանի սահմանները եկաւ, Յորդանան գետին դիմացի կողմը, եւ դարձեալ ժողովուրդը խռնուեցաւ իր շուրջ, եւ ինք իր սովորութեան համաձայն նորէն անոնց կ’ուսուցանէր:
         Փարիսէցիները Յիսուսը փորձելու մտադրութեամբ մօտեցան անոր եւ հարցուցին.
            -Մեր Օրէնքին համաձայն մէկը իրաւունք ունի՞ իր կինը արձակելու:
            Յիսուս անոնց պատասխանեց.
            -Մովսէս ի՞նչ օրէնք սահմանեց ձեզի:
            Անոնք պատասխանեցին.
            -Մովսէս մեզի արտօնութիւն տուաւ բաժանման թուղթ տալու կնոջ եւ արձակելու զայն:
            Յիսուս ըսաւ անոնց.
            -Մովսէս ձեր խստասրտութեա՝ն պատճառով այդ օրէնքը սահմանեց: Սակայն սկիզբէն, արարածներու ստեղծագործութեան ժամանակ, Աստուած «Արու եւ էգ ստեղծեց մարդիկը» եւ ըսաւ անոնց. «Այս պատճառով այրը պիտի ձգէ իր հայրն ու մայրը եւ իր կնոջ միանայ, եւ երկուքը մէկ մարմին պիտի ըլլան»: Հետեւաբար այլեւս երկու չեն այլ՝մէկ մարմին: Արդ, ոեւէ մէկը թող չբաժնէ անոնք՝որ Աստուած միացուց»:

            Աւետարանական այս հատուածին մէջ փարիսեցիները դարձեալ կը ներկայանան Քրիստոսը փորձելու համար, օրինական հարցումով մը կ’ուզեն զինք տեսնել օրէնքի հակառակ արտայայտուելու արարքին մէջ: Սակայն Քրիստոս իմանալով անոնց նենգամտութիւնը եւ չարամտութիւնը յանդիմանական ոճով պատասխան մը տալով կը կասեցնէ զիրենք:

               Փարիսեցիները Մովսիսական օրէնքին կառչած կը մնային, առանց անոր խորքը եւ ոգին հասկանալու: Կ’ուզէին գիտնալ, թէ Քրիստոս ինչպիսի՞ տրամադրութիւն պիտի ցուցաբերէ հին կտակարանի օրէնքներու նկատմամբ եւ ահա օր մը կը մօտենան Յիսուսի եւ կը հարցնեն. «Մեր օրէնքին համաձայն մէկը իրաւունք ունի՞ իր կինը արձակելու» (առանց պատճառի) (ՄՐ.10.2): Յիսուս բազմիցս անդրադարձած էր, թէ ինք չէր եկած օրէնքը ջնջելու այլ ամբողջացնելու:

Աստուածաշունչ մատեանը մեզի կ’ուսուցանէ ըսելով, Աստուած տեսնելով մարդուն մինակութիւնը ըսաւ. «Իրեն նման օգնական մը տանք մարդուն»ե ւ այդ որդեծնութեան կենակից պիտի ըլլար մարդուն: Աստուած սովորական օգնական մը չտուաւ Ադամին, այլ կեանքի ընկեր՝լաւ եւ վատ օրերու համար: Աստուածաշունչը զիրենք մէկ մարմին կը կոչէ, հետեւաբար այլեւս երկու չեն:

            Ադամն ու Եւան Աստուծոյ խօսքին համաձայն կոչուած էին մէկ մարմին ըլլալու, աստուծահաստատ հիմերով ամրացած ընտանիք մը կազմելու, զիրար ամբողջացնելու, սերնդագործելու, նոր արարչագործութեամբ երկիրը զաւակներով լեցնելու եւ Աստուծոյ փառքը տարածելու երկրի վրայ:

            Ընտանիք հասկացողութինը պէտք է հիմնաւորուած ըլլայ սրբութեան, անկեղծութեան եւ համերաշխութեան վրայ, Քրիստոնէական հասկացողութեամբ այս է ընտանք կազմելու հիմնաքարը, որ Աստուծոյ կողմէ փոխանցուած է մարդուն: Ճշմարիտ սրբութենէն ստեղծուած մարդը կոչուած է սուրբ ըլլալու, սրբութեամբ ընտանիք կազմելու: Սուրբ է այն ընտանիքը,որ աստուածահաճոյ ու քրիստոնէավայել կեանք մը կապրի, իր տունը եկեղեցիի եւ խորանի վերածելով: Սուրբ է այն ընտանիքը, որ իր տունը
Կը հիմնէ աւետարանական այն ժայռին վրայ ուր. «Անձրեւներ կու գան, գետերը կը յորդին, հովեր կը փչեն եւ կը զարնուին տան, բայց տունը չի կործանիր, որովհետեւ ժայռին (Քրիստոսի) վրայ հաստատուած է»(ՄՏ.7.25):


            Սիրելի Հայորդիներ՝
           Հայ ընտանիքը միշտ եղած է կորիզը ընկերութեան: Հոն կը գտնուի կեանքի առաջին դպրոցը, ուսուցիչներն են ընտանիքի երկու սիւները՝ հայրն ու մայրը: Հայկական տոհմիկ տան մէջ է, որ պիտի թրծուին եւ հասակ առնեն եւ կեանքի կոչուին զաւակները:
Ահա թէ ինչու Աստուած կը թելադրէ զաւակները դաստիարակել սրբութեամբ՝ երբ անոնք տակաւին կակուղ թաթիկներ են, նոր պիտի թեւակոխէն կեանքի բոլորակին, Սողոմոն Իմաստուն կ’ըսէ. «Քանի որ յոյս կայ՝տղադ խրատէ եւ անոր կորսուելուն կամակից պատճառ մի ըլլար» (ԱՌ.29.17): Նաեւ կ’ըսէ. «Խրատէ՝ քու որդիդ, որպէսզի քեզ հանգստացնէ եւ քու հոգիդ,զուարճացնէ» (ԱՌ.29.17):

            Սիրելի ընթերցող,ընտանիքը ամէն բանէ առաջ հաւաքական կեանք է,այլապէս ընտանիք չի՝կրնար կոչուիլ եւ գոյութիւն ունենալ: Այր եւ կնոջ մտերմութիւնը ամէն իմաստով պէտք է տարբերի որեւէ տեսակի մտերմութենէ, համաձայնագրութենէ,այլ պէտք է Աստուծոյ սրբութեամբ շաղախուած ըլլայ:
                                                                                                  
            Սիրելի հաւատացեալներ, այս Կիրակի 18 Սեպտ. 2022 ին, Վարագայ Սուրբ Խաչի Բարեկենդան է:
            Բարեկենադան կը նշանակէ, բարի կենդանութիւն, բարի-կեանք, ուրախութիւն, խրախճանք, ճոխ եւ առատ ուտեստներով վայելելու օր:
            Եկեղեցական կանոններու համաձայն, մեծ տօները կանխող շաբթուան նախօրեակը կը կոչուի բարեկենդան: Յառաջիկայ կիրակի 25 Սեպտ. 2022ին, Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնն է, հետեւաբար այս կիրակի բարեկենդան է:
 

                                                ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ

            Այս կիրակին կը նախորդէ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը, որ նուիրուած է Վարագայ լեռան վրայ Յսուսի Խաչափայտի մասունքի գտման: Ս.Աստուածածինը տեսիլքով կը յայտնուի Հռիփսիեանց կոյսերուն, որոնք Հռոմէն փախած էին: Ասուծամայրը կը թելադրէ քառասուն կոյսերուն, որ երթան եւ ապաստանին Արարատեան կողմն աշխարհի: Կոյսերը կու գան Հայաստան, ճամբու ընթացքին կը հանդիպին Վարագայ լեռ, ըստ աւանդութեան Հռիփսիմէ կոյսը իր վզին կը կրեր Քրիստոսի Խաչափայտէն մասունք մը, երբ կ’իմանայ հալածանքներու ենթարկուելու մասին, իսկոյն Խաչի մասունքը կը պահէ լեռան վրայ հողին տակ: Եօթներորդ դարուն  մասունքը կը գտնուի, որմէ ետք Հայց.Առաքելական Եկեղեցին Խաչի նուիրուծ տօներու շարքին կը դասէ նաեւ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօն անուանելով զայն:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան