Ապաշխարհութեան Անհրաժեշտութիւնը

ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ (13.1-9)
 

Ապաշխարհութեան անհրաժեշտութիւնը

Ոմանք եկան Յիսուսի եւ պատմեցին այն Գալիլեացիներուն մասին, որոնք Պիղատոսի կողմէ սպաննուեցան, երբ Աստուծոյ զոհ կը մատուցանէին:

Յիսուս անոնց ըսաւ.

-Կը կարծէ՞ք թէ սպաննուող Գալիլեացիները միւս բոլոր Գալիլեացիներէն աւելի մեղաւոր էին, որ այդպիսի վախճան մը ունեցան: Ոչ: Կ’ըսեմ ձեզի, որ եթէ չապաշխարէք՝ դուք բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք: Կամ ի՞նչ կը մտածէք այն տասնութը մարդոց մասին, որոնց վրայ ինկաւ աշտարակը Սելովամի մէջ եւ սպաննեց զանոնք: Անոնք աւելի՞ յանցաւոր էին քան Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները: Ոչ: Կ’ըսեմ ձեզի, որ եթէ չապաշխարէք՝ բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք:

Անոնց հետեւեալ առակը պատմեց.

-Մարդ մը կար, որ իր այգիին մէջ թզենի մը տնկած էր: Թուզ քաղելու գնաց, բայց

թզենիին վրայ պտուղ չգտաւ: Այգեպանին ըսաւ.«Այս երրորդ տարին է որ կու գամ թուզ քաղելու, բայց չեմ գտներ: Ուստի կտրէ՝ զայն, ինչո՞ւ անիմաստ կերպով տեղ գրաւէ»: Այգեպանը պատասխանեց.«Տէր, թող այս տարի ալ մնայ. ես իր շուրջի հողը կրկին կը փորեմ եւ պարարտացուցիչ կը դնեմ: Այս ձեւով թերեւս պտուղ տայ. ապա թէ ոչ՝ գալ տարի կտրէ զայն»:

Աւետարանական այս հատուածը, մեզի կը յուշէ՝

Քրիստոս իր երկրաւոր առաքելութեան սկսելէ կարճ ժամանակ առաջ, Յովհաննէս Մկրտիչ կը քարոզէր ու կ’սէր. «Ապաշխարեցէ՝ք, որովհետեւ երկնքի արքայութիւնը մօտեցած է» (Մտ2.3):

Քրիստոս կը շեշտէ, ապաշխարութեան անհրաժեշտութիւնը եւ զայն կը նկատէ փրկութեան միակ եւ ճշմարիտ երաշխաւորը, որ կ’ապահովէ մեր մուտքը երկնքի արքայութենէն ներս:

Ապաշխարութեան գաղափարը նախաքրիստոնէական շրջանէն Հին Կտակարանեան հասկացողութեան մէջ ալ գոյութիւն ունէր: Յովէլ մարգարէն կը գրէ. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Վերադարձէք ինծի ձեր ամբողջ սիրտով՝ ծոմապահութեամբ, լացով ու կոծով» (Յվլ 2.12):

Ապաշխարութիւն կը նշանակէ դարձի գալ Աստուծոյ եւ արցունքով մաքրել մեր հոգին պղծող եւ ծանրացնող մեղքերէ: «Ոմանք եկան Յիսուսի եւ պատմեցին այն Գալիլեացիներուն մասին, որոնք Պիղատոսի կողմէ սպաննուեցան, երբ Աստուծոյ զոհ կը մատուցանէին» (Ղկ 13.1):

Ուշագրաւ են Քրիստոսի մէջբերած օրինակները. «Կը կարծէ՞ք թէ սպաննուող Գալիլեացիները միւս բոլոր Գալիլեացիներէն աւելի մեղաւոր էին, որ այդպիսի վախճան մը ունեցան»(Ղկ 13.2): «Կամ ինչ կը մտածէք այն տասնըութը մարդոց մասին, որոնց վրայ ինկաւ աշտարակը Սելովամի մէջ եւ սպաննեց զանոնք: Անոնք աւելի՞ յանցաւոր էին քան Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները» (Ղկ 13.4): Յիսուս ըսել կ’ուզէ թէ բոլոր անոնք, որոնք մեղաւոր ընթացքի մէջ են պատիժի պիտի արժանանան. «Եթէ չապաշխաէք՝ դուք ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք»(Ղկ 13.3):

Յովհաննէս Մկրտիչ աւելի խիստ ոճով կը պատասխանէ անոնց, որոնք մեղաւոր են բայց՝ իրենք զիրենք արդար կը նկատեն, պարզապէս Աբրահամի որդիները ըլլալով ու կ’ըսէ

«Ասկէ ետք գործո՛վ ցոյց տուէք թէ ապաշխարած էք: Մի կրկնէք դուք ձեզի՝ ըսելով.«Մենք Աբրահամի որդիներ ենք»: Կ’ըսեմ ձեզի, թէ Աստուած քարերէն ալ կրնայ Աբրահամի որդիներ հանել»(Ղկ 3.8):
 

Ապաշխարութեան մասին խօսած ատեն Յովհաննէս Մկրտիչ կ’ըսէ. «Ահաւասիկ կացինը ծառերը իրենց արմատներէն կտրելու պատրաստ է: Այն ծառը որ լաւ պտուղ չի տար՝ պիտի կտրուի եւ կրակը նետուի» (Ղկ 3.9):
 

Աստուածահաճոյ գործերն են որոնք կը խորհրդանշեն այն բարի պտուղները, որոնց մասին կը խօսի Քրիստոս ըսելով. «Իմ Հայրս կը փառաւորուի՝ երբ դուք առատ պտուղ տաք եւ այսպիսով իմ աշակերտներս ըլլաք» (Յհ 15.8):

Անպտուղ թզենիին առակին մէջ այգիին տէրը կ’ըսէ. «Այս երրորդ տարին է որ կու գամ թուզ քաղելու, բայց չեմ գտներ: Ուստի կտրէ զայն, ինչո՞ւ անիմաստ կերպով տեղ գրաւէ» (Ղկ 13.7): Այսինք ըսել կ’ուզէ թէ երեք տարի համբերած է: Աստուած ալ կը համբերէ եւ կը սպասէ, որ մեր հոգիները ծաղկին բարի գործերով: Օր պիտի գայ, երբ Աստուած զայրանալով պիտի պատժէ մեզ մեր չարագործութիւններուն համար:

Ապաշխարութիւնը մարդու կեանքի տեւողութեան գործընթաց մըն է, որ իր աւարտին կը հասնի միայն այս աշխահէն մեկնած ժամանակ: Ապաշխարութեան խորհուրդը շարունակական է, մարդ որքան ապրի, այնքան մեղանչելու հակամէտ է, հետեւաբար ապաշխրութիւնը մէկ անգամուայ կատարուելիք արարք մը չէ: Ապաշխրութեամբ է որ մարդ անդրադարձ կ’ունենայ իր սխալներուն , կը զղջայ իր գործած մեղքերուն, խոստովանելով եւ սրբագրելով զանոնք ,կը դառնայ դէպի Աստուած եւ կ’ըսկսի նոր կեանք մը Քրիստոսով:

Մեր բարի գթարատ Հայրը Աստուած, որ տուիչն է բոլոր շնորհքներուն եւ պարգեւներուն ամէն օր մեզի հնարաւորութիւն տուած է ապաշխարելու: Հետեւաբար արժէւորենք ամէն օր, որ կ’ապրինք, ժամանակը չվատնենք վաղանցուկ բաներով:

Հետեւաբար, զգաստանանք եւ մեր հոգիները զարդարենք աստուածահաճոյ գործերով:

ՏՕՆ՝ ՍՐԲՈՑ ԱՌԱՔԵԼՈՑ ԵՒ ԱՌԱՋԻՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԱՑՆ ՄԵՐՈՑ ԹԱԴԷՈՍԻ ԵՒ ԲԱՐԹՈՒՂԻՄԷՈՍԻ

Ս.Թադէոս եւ Ս.Բարթուղէմիոս առաքեալները Հայ Եկեղեցւոյ առաջին հիմնադիրներն են: Անոնք Հայաստանի«Առաջին Լուսաւորիչներ»ը կոչուեցան, քանի որ իրենց առաքելանուէր գործունէութեամբ, Տիրոջ խօսքերով լուսաւորեցին մարդոց մթագնած հոգիները:

Ս.Թադէոս՝ Յիսուսի տասներկու առաքեալներէն էր: Անոր,Հայաստանի տարածքին ունեցած գործունէութեան մասին առանձնայատուկ տեղ կը զբաղեցնէ հայոց Սանատրուկ թագաւորի դստեր՝ Սանդուխտի նահատակութեան պատմութիւնը:

Ս.Թադէոսի առաքելութիւնը կը սկսի Հիւսիւային Միջագետքի Եդեսիոյ քաղաքէն, ուր կ’իշխէր Աբգար թագաւորը: Աւանդութեան համաձայն, առաքեալը կը բժշկէ հիւանդ թագաւորը եւ կը քարոզէ Յիսուսի մասին:

Մովսէս Խորէնացի պատմիչ կը վկայէ, որ Եդեսիոյ բնակիչներուն մեծ մասը, այդ թուին նաեւ Աբգար թագաւորը եւ պալատականներէն շատեր քրիստոնեայ կը դառնան:

Ս.Թադէոս առաքեալ Եդեսիայէն քարոզելով կը հասնի Վասպուրականի Արտազ գաւառը Շաւարշան գիւղաքաղաքը, որ հայոց թագաւորրի ամառանոցն էր:Ան համարձակութեամբ զինուած կը քարոզէ Քրիստոսի ուսուցումները: Իր քարոզներուն շնորհիւ քրիստոնեայ կը դառնան Սանդուխտ արքայադուստրը եւ ժողովրդային մեծ զանգուած մը:

Հայոց Սանատրուկ թագաւորը եւ իշխաններէն ոմանք կը մերժեն «Կենաց խօսք»ը եւ թշնամաբար կը տրամադրուին դարձի եկողներուն հետ եւ կը փորձեն արգելք հանդիսանալ քրիստոնէութեան տարածման: Ապա հալածանք կը սկսի նորադարձներուն դէմ: Թագաւորի հրամանով բազմաթիւ քրիստոնեաներ կը բանտարկուին ու մահապատիժի կ’նթարկուին: Թագաւորը չի խնայեր եւ մահուն կը դատապարտէ նույնիսկ իր դուստրը՝Սանդուխտը: Որոշ ժամանակ ետք, կը ձերբակալուի նաեւ Ս.Թադէոս առաքեալ սոսկալի տանջանքներէ ետք մահապատիժի կ’ենթարկուի անեւ ինք:

Ս.Բարթուղիմէոս նաեւ Քրիստոսի տասներկու առաքեալներէն էր: Աւազանի անունով «Նաթանաէլ», որ կը նշանակէ «Աստուածատուր»: Ս.Բարթողիմէոս կը կոչուի նաեւ «նախադաւան», որովհետեւ առաջին անձն էր, որ դաւանեցաւ Քրիստոսի Աստուածութիւնը: Մինչեւ Հայաստան գալը, Ս.Բարթողիմէոս քարոզած էր Պարսկաստանի եւ Հնդկաստանի մէջ: Ան Ս.Թադէոս առաքեալի գործունէութեան տարիներուն կը հասնի Հայաստան: Աւանդութեան համաձայն, դէպի Արտաշատ իր ուղեւորութեան ընթացքին, համանուն բլուրին վրայ, Օթեաց Խաչ կոչուած վայրին մէջ կը հանդիպի Ս.Թադէոսին եւ միասին այնտեղ գիշերելէ ետք կրկին կը բաժնուին իրարմէ:

Ս.Բարթողիմէոս , թէեւ կը շրջի Հայաստանի զանազան գաւառները, բայց անոր քարոզութեան հիմնական վայրը Սիւնիք նահանքը կը հանդիսանայ, ուր բազմաթիւ հայեր կ’ընդունին քրիստոնէութիւնը: Ան Գողթն գաւառին մէջ կը կառուցէ եկեղեցի մը եւ կը հիմնէ եպիսկոպոսական աթոռ, ուր եպիսկոպոս կը ձեռնադրէ իր աշակերտներէն Կումսիին:
 

Հեր եւ Զարեւանդ գաւառներէն ետք Ս.Բարթողիմէոս վերջապէս կը հասնի Վասպուրականի Աղբակ գաւառը, ուր կը սկսի իր սրբանուէր գործունէութեան: Իրեն քարոզներուն հետեւանքով քրիստոնեայ կը դառնան Սանատրուկ թագաւորին քոյրը ՝ Ոգուհին, ինչպէս նաեւ Տէրէնտիոս հազարապետը: Արքայի հրամանով կը ձերբակալուին առաքեալը, արքային քոյրը՝Ոգուհին եւ հազարապետ Տէրէնտիոսը ու կը բերուին արքունի ատեան: Երկարատեւ տանջանքներէ ետք Սանատրուկի հրամանով կը նահատակուին:

Ս.Թադէոս եւ Ս.Բարթողիմէոս առաքեալներու նահատակութենէն ետք Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած հալածանքները չկրցան կասեցնել քրիստոնէութեան տարածումը:

Հայ Եկեղեցին ամէն տարի Դեկտեմբեր ամսուան սկիզբը կ’ոգեկոչէ Ս.Թադէոսի եւ Ս. Բարթողիմէոսի յիշատակը:

Սուրբ առաքեալներու աստուածպաշտութեան խորհուրդով եւ աստուածգիտութեան լոյսով, պայծառացնենք մեր հայու հոգին եւ հաւատքը, փարատելու համար մեր հոգիներու եւ մտքերու խաւարը:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան