
Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 28 Դեկտեմբեր 2025-ին, Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, նորանշանակ լուսարարապետ Գերաշնորհ Տ. Սիփան Արք. Քէչէճեան պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Սուրբ Պատարագին սպասարկութիւնը կատարեցին Դպրեվանքի սարկաւագաց դասը, իսկ երգեցողութիւնը գեղեցկօրէն կատարեցին Դպրեվանքի աշակերտները՝ խմբավարութեամբ Հոգեշնորհ Տէր Ազատ Աբղ. Ֆիլիքեանի։

Պատարագիչ սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ մանրամասնեց Գործք Առաքելոց գիրքին մէջ բացատրուած սարկաւագութեան պաշտօնի յառաջացման շարժառիթները եւ լուսարձակի տակ առաւ երկլեզուութեան պատճառած պառակտումը նոյն ազգի զաւակներուն միջեւ:
Սուրբ Պատարագի աւարտին, վեհարանի դահլիճին մէջ, դպրեվանեցիները ներկայացուցին ամփոփ յայտագիր մը։ Սարկաւագաց տօնին առիթով, յանուն Դպրեվանքի սարկաւագաց դասուն՝ Բրշ. Մինաս Սրկ. Ճանսզեան ընթերցեց օրուան ուղերձը։

Հանդիսութեան աւարտին, իր հայրապետական պատգամը ուղղեց Արամ Ա. Վեհափառ Կաթողիկոսը։ Ան ըսաւ, որ տօնը անցեալին պատկանող անձի մը կամ դէպքի մը յիշատակումը չէ, այլ սուրբ Ստեփանոսի ճամբով քրիստոնէական արժէքներուն, իտէալներուն եւ ճշմարտութիւններուն համար ապրելու եւ զանոնք ապրեցնելու կոչուած բոլոր անձերուն յիշատակումն է։
Աւարտին, Վեհափառ Հայրապետը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց Դպրեվանքի սարկաւագաց դասը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ Միաբանութիւնն ու ներկաները. ապա, բոլորը միաբերան երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը։

