ԱՆԱՌԱԿԻ ԿԻՐԱԿԻ

ՂՈՒԿԱՍՈՒ ԱՒԵՏԱՐԱՆ 15.1-32

Մեծ Պահքի երրորդ կիրակին մեզ դուրս կը հանէ նախորդ Կիրակիներու Հին Կտակարանի պատումէն եւ դէմ յանդիման կը դնէ Նոր Կտակարանի ուսուցումներուն:

Այս եւ յաջորդ երկու Կիրակիները իրենց անունները կ’առնեն օրուան աւետարանական գլխաւոր առակներէն:

Այս առակը իր մէջ կը խտացնէ Աւետարանի հիմնական եւ կարեւորագոյն ուսուցումները, ուր կը տեսնենք հայրը, որ կը ներկայացնէ Աստուծոյ հայրութիւնը եւ Անոր անսահման սէրը իր զաւակներուն հանդէպ, մանաւանդ ապաշխարութեամբ դարձի եկող զաւակներուն:

Առակը կը սկսի երջանիկ ընտանիքի մը երջանիկ կրտսեր զաւակին պատմութիւնով: Երջանկութեան բոլոր պայմանները կ’ամբողջանար այս տղուն մօտ: Պատուաւոր, յարգուած եւ հարուստ հօր մը տան մէջ կ’ապրէր ան: Սակայն երջանիկ եւ դրախտային կեանքը երկար չի տեւեր: Սատանան՝ «օձ»ը, ինչպէս խաբած էր նախամարդը, նոյնպէս կը մօտենայ այս տղուն եւ կասկածի տակ կը դնէ անոր երջանիկ կեանքը: Այն օրէն տղուն մէջ կը սկսի չարի ու բարիի պայքարը, ինչպէս բնութեան մէջ լոյսը կը պայքարի խաւարին դէմ, տղուն պարագային սակայն չարը կը յաղթէ, որովհետեւ բարին կը քնանար իր մէջ: Աստիճանաբար, նախ կասկած յառաջացնելով Աստուծոյ խոստումին, ապա՝ հաւատալով չարին: Վերջ ի վերջոյ կը գովէ կեանքի վնասակար վայելքները ու արտաքին երեւոյթները: Այսպէս եղած է եւ է, սատանային գործելակերպը:

Կրնանք շատ բնական կերպով երեւակայել, թէ անառակին ծնողքը շատ խրատներ տուին իրենց հոգեհատորին, զգուշացնելով զինք կարգ մը ստոյգ վտանգներէ: Երբեմն ծնողական, անհուն սիրով աղաչեցին, որ չհեռանայ հայրենի տունէն: Բայց երիտասարդը չուզեց լսել, կարծելով թէ ինք աւելի խելացի եւ յառաջադէմ է, իսկ ծնողքը՝ յետամնաց, նոր կեանքի պահանջներէն անտեղեակ: Փորձութեան հմայքը այնքան զօրաւոր էր, որ երիտասարդը միայն մէկ բան կը մտածէր, գոհացում տալ իր կիրքերուն: Ոտնակոխ կ’ընէ ծնողական սէրը կ’արհամարհէ փորձառուներու խրատները, դուրս կը նետուի հայրենի տունէն, ուղղակի փորձանքի մէջ: Կ’առնէ «իր բաժինը» ամբողջութեամբ ու օր մը կը հեռանայ գիւղէն, կը հաստատուի մեծ եւ շքեղ քաղաքի մը մէջ ու կը սկսի իր ազատ կեանքը ապրիլ: Աւետարանը կ’ըսէ իր օրերը կ’անցնէ «զեխութեամբ»:

Անառակ որդիին հիմնական մեղքը իր հօրը տունէն հեռանալը չէր սակայն: Աւետարանի կողմէ մատնանշուած մեղքը, չի գտնուիր մեր եկեղեցւոյ կողմէ մեղք նկատուած ցանկին մէջ, կան անոր մօտ եւ նման մեղքեր, սակայն տառացիօրէն աւետարանները կ’ըսեն. «Եւ վատնեց իր ինչքերը, անառակութեամբ» (Ղկ 15.13):

Վատնում բային արմատն է «վատ». շատ գէշ իմաստ ունեցող բառ մըն է հայերէն լեզուի մէջ: Մէկու մը երբ վատ մարդ է ըսենք, կը նշանակէ թէ ամենագէշ արտայայտութիւնը  կ’ունենանք իր մասին:

Անառակ որդին իր ունեցած հարստութիւնը վատնելէ ետք, չար բախտէն այն օրերուն սով սկսած էր իր ապրած երկրին մէջ: Ոչ ոք իր երեսը կը նայէր, իր նախկին բարեկամները չէին ճանչնար զինք, ոչ իսկ գիշերելիք տեղ մը ունէր: Մօտիկ ագարակապանի մը մօտ խոզարածութիւն կ’առաջարկուի իրեն, երիտասարդը սիրայօժար  կ’ընդունի, հակառակ որ սովի եւ անգործութեան օրերուն շատեր մերժած էին այդ ստորին եւ գարշահոտ գործը:

Թշուառ տղան կը մտածէր որ առնուազն գլուխը պատսպարելիք եւ փորը կշտացնելիք բան մը պիտի ունենայ:

Օրերու շղթան դժուար կը քակուէր, միշտ տխուր եւ կէս սոված էր, տրուած հացը բաւարար չէր. խոզերու առջեւ նետուած վատորակ պտուղներէն երբեմն կը փորձէր ուտել: Երբեմն անձնասպանութեան կամ տուն վերադարձի մտածումներ կ’ունենար իր քիչ մը մնացած ուղեղին մէջ: Կը յիշէր իր մանկութիւնը եւ մանաւանդ իր հօրը տան ծառաները, կը նախանձէր անոնց: Այս բոլոր երեւակայութիւններուն մէջ, սակայն, կար պատկեր մը, որ միշտ կը հալածէր զինք, վերջին անգամ տեսած հօրը պատկերն էր ան:

Հայրական սիրով օծուն եւ զինքը կորսնցնելու երկիւղով լեցուն էր: Այս պատկերը ուրուականի  նման շուարումի կը մատնէր զինք: Այդ պատկերը թէեւ ծանր տառապանք կը պատճառէր իրեն, բայց միաժամանակ իր միակ յոյսն էր վերականգնումի: «Վերադառնալ իր հօրը տունը» մտածումն անգամ իրեն երջանկութիւն կը պատճառէր:

Ի վերջոյ իր մտքին մէջ երկու մտածումներ կը յստականան.

         ա-Հօրը անկեղծ սէրը իրեն հանդէպ:

         բ-Իր սէրը հօրը հանդէպ:

Երկու սէրերը իրարու միացնելով իր ներաշխարհին մէջ, երկունք մը ստեղծուելով կը ծնի զղջումի գաղափարը: Լուսաբացին արդէն իսկ առած էր իր որոշումը, պիտի երթար ու հօրը ըսէր. «Հայր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ. այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու, զիս քու գործաւորներէդ մէկը նկատէ» (Ղկ 15.21):

Հայրը, որ երկար ժամանակէ մը կը սպասէր զինք, կը զգայ, որ բարի լուր մը պիտի ստանայ իր որդիէն: Իր տան վերնատան պատուհանին առջեւ նստած կը դիտէր այն ճամբան, ուրկէ մեկնած էր իր կրտսեր որդին: Հորիզոնին  վրայ յանկարծ մարդկային ուրուագիծ մը կը յայտնուի, հայրը տեսած էր իր հարազատ որդին, անմիջապէս յառաջ երթալով կը գրկէ զայն կը համբուրէ, կարօտը կ’առնէ. Որդին հօրը կ’ըսէ. «Հա՛յր, մեղանչեցի Աստուծոյ եւ քեզի դէմ, այլեւս արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու» (Ղկ 15.21): Հայրը կը հրամայէ իր ծառաներուն ըսելով. «Անմիջապէս բերէք լաւագոյն պատմուճանները եւ հագցուցէք իրեն. մատին անցուցէք իր մատանին: Բերէք պարարտ հորթը, մորթեցէք ուտենք եւ ուրախանանք: Որովհետեւ իմ այս զաւակս մեռած էր ողջնցաւ, կորսուած էր գտնուեցաւ» (Ղկ 15.22-24):

Ինչ գեղեցիկ կ’ըլլար եթէ առակը այս տեղ աւարտէր, ունենար երջանիկ վերջ մը: Սակայն այն ժամանակ վէպի մը տպաւորութիւնը պիտի թողուր եւ ոչ թէ իրական կեանքի մը խորհուրդը: Աւետարանը կ’աւելցնէ ըսելով. «Երէց եղբայրը իմանալէ ետք եղելութիւնը, զայրացաւ եւ չուզեց ներս մտնել» (Ղկ 15.28-32):

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան