
Հինգշաբթի 11 Սեպտ. 2025-ի կէսօրին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցի այցելեց Լիբանանէն ժամանած Այնճարի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Հովիւ եւ երկրորդական վարժարանի տնօրէն՝ Վեր. Յակոբ Աքպաշարեան, ընկերակցութեամբ Թորոնթոյի Միջ-Յարանուանական մարմնի ատենապետ՝ Տիար Յակոբ Ճամպազեանին։ Յարգելի հիւրերը դիմաւորուեցան եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ.Միքայէլեանի կողմէ։ Տէր Հայրը բարի գալստեան խօսք արտասանելէ ետք, հակիրճ բացատրութիւն տուաւ եկեղեցւոյ ծառայական առաքելութեան շուրջ, իսկ Վերապատուելի հիւրը շնորհակալութիւն յայտնեց եւ կարճ զեկոյց մը փոխանցեց Այնճար Հայաւանի հոգեւոր եւ կրթական կեանքին մասին։