1. Ինչո՞ւ Աստուած կը կոչուի ամենակալ (omnipotent):
Աստուած կը կոչուի ամենակալ կամ ամենազօր, որովհետեւ ինչ որ կամենայ՝ կրնայ ընել առանց ամենափոքր դժուարութեան։ Միայն Իր կամքով են Իր հրաշքները գործադրուած։
[Տե՛ս՝ Ծննդոց 17.1, 18.14; Ելից 15.7; Յոբ 9.4-12, 23.13, 38, 40, 42.2; Սաղմոս 70.11, 77.15, 135.6, 115.13; Եսայի 14.24, 26.4, 40.29; Երեմիա 32.17; Դանիէլ 3.71-90, 4.35; Մատթէոս 9.8; Ղուկաս 1.37; Հռովմայեցիս 1.20; 2. Կորնթացիս 12.9։]
2. Ինչպէ՞ս գիտենք, թէ Աստուած անսահման է:
Աստուծոյ անսահման ըլլալը կ’ապացուցուի տիեզերքի մէջ գտնուող արարածներու անհուն բազմութեամբ. անոնցմէ ոմանք զարմանալի են իրենց ահագին մեծութեամբ, իսկ ուրիշներ՝ ոչ պակաս հրաշալի իրենց ծայրայեղ մանրութեամբ. բայց ամէն մէկը, իր տեսակին համաձայն, իր Արարիչին ձեռքով կերտուած նրբագեղ գլուխ-գործոց մըն է։
3. Աւելի՛ բացատրէ:
Աստուծոյ Ամենակալ զօրութիւնը միայն տիեզերքի գրեթէ անսահման մեծութեան մէջ չի տեսնուիր, այլ նաեւ այս մոլորակին վրայ՝ որ երկիր կը կոչուի, եւ որ տիեզերքի ահռելի ընդարձակութեան բաղդատմամբ լերան մը ստորոտին գտնուող աւազահատիկի մը պէս բան մըն է։ Աստուծոյ զօրութիւնն ու իմաստութիւնը նոյնքան հրաշալի կերպով կը յայտնուին մանրադիտակով միայն տեսանելի ամենէն պզտիկ միջատին մէջ, որքան հսկայ կենդանիի մը, օրինակ՝ փիղին, մեծակառոյց մարմնին մէջ։
4. Ինչո՞ւ:
Որովհետեւ այդ միջատը, որ առանց մանրադիտակի անտեսանելի է, ունի իր պահպանման, սնուցման եւ բազմանալու համար անհրաժեշտ բոլոր օրկանները։ Ամենէն փոքր եւ պարզ օրկանի Արարիչը պէտք է ըլլայ անըմբռնելի Զօրութիւն։
5. Աստուծոյ ՄԷԿՈՒԹԻՒՆԸ ինչո՞վ կը գիտնանք:
Եթէ մէկ Ամենակալ Աստուած ստեղծած է ամէն բան, անկարելի է, որ ուրիշ Ամենակալ Էակ մըն ալ գտնուի՝ Իրեն հաւասար զօրութեամբ։
6. Ինչո՞ւ անկարելի է ենթադրել, թէ երկու ամենակալ էակ կրնան ըլլալ:
Որովհետեւ այս երկու էակները կամ անհաւասար պէտք է ըլլան իրարու, կամ հաւասար։ Եթէ անհաւասար են, ապա աւելի զօրաւորը պիտի ըլլայ ամենակալն ու գերագոյն Էակը։
7. Իսկ եթէ հաւասա՞ր ըլլային:
Եթէ զիրենք հաւասար ենթադրենք՝ իւրաքանչիւրը ունենալով միեւնոյն իսկ զօրութիւնը, ապա մէկը միւսը պիտի ոչնչացնէր. ուրեմն երկուքն ալ պիտի ըլլային անզօր, եւ հետեւաբար ո՛չ մէկը ամենակալ, ո՛չ ալ Աստուած։
8. Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ ԱՆՄԱՀ ըլլալը:
Երբ կ’ըսենք, թէ Աստուած անմահ է, կը հասկնանք, որ ինչպէս սկիզբ չէ ունեցած, այնպէս ալ վերջ չի կրնար ունենալ։ Ան միշտ եղած է, է, եւ պիտի ըլլայ յաւիտենէ յաւիտեան։
[Տե՛ս՝ Երկրորդ Օրինաց 33.27; Սաղմոս 9.7, 90.2, 93.2, 102.12, 24, 27, 104.31, 135.13, 145.13; Եսայի 40.28, 57.15, 64.16; Հռովմայեցիս 1.20; 2. Կորնթացիս 4.18; 1. Տիմոթէոս 1.17, 6.16; Յայտնութիւն 4.9։]
9. Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ ԱՄԷՆՈՒՐԵՔ ՆԵՐԿԱՅ ըլլալը (Omnipresent):
Երբ կ’ըսենք՝ ամէնուրեք ներկայ, կը հասկնանք, թէ Աստուած Իր ահագին տիեզերքի ամէն մէկ մասին մէջ միաժամանակ ներկայ է եւ ամէն բան կը տեսնէ։ Իրմէ ոչինչ գաղտնի է, եւ Ան կրնայ Իր հրաշքները ամէն տեղ եւ միեւնոյն ատեն գործել։
10. Սուրբ Գիրքերը ի՞նչ կ’ըսեն Աստուծոյ ամէնուրեք ներկայութեան մասին:
Աստուած Երեմիա մարգարէին միջոցաւ կ’ըսէ. «Մի՞թէ ես երկինքն ու երկիրը չեմ լեցներ» (Երեմիա 23.24)։ Առաքեալն ալ կ’ըսէ. «Թէեւ Ան մեզմէ իւրաքանչիւրէն հեռու չէ, որովհետեւ Անոր մէջ կ’ապրինք, կը շարժինք եւ կը գոյանանք» (Գործք Առաքելոց 17.27-28)։ [Տե՛ս նաեւ՝ 3. Թագաւորաց 8.27; 2. Մնացորդաց 6.18; Սաղմոս 139.7-11; Առակաց 15.3; Եփեսացիս 1.23։]
11. Աստուծոյ ամէնուրեք ներկայութեան հանդէպ հաւատքը ի՞նչ ազդեցութիւն պէտք է ունենայ մեր վրայ:
Աստուծոյ ամէնուրեք ներկայութեան գաղափարը պէտք է մեր հոգւոյն մէջ արթնցնէ փրկարար երկիւղ եւ պատկառանք մեր Արարիչին հանդէպ, որպէսզի ուր ալ գտնուինք, յիշենք, թէ Աստուած հոն ալ ներկայ է, կը տեսնէ մեր գաղտնի գործերը եւ գիտէ մեր ծածուկ մտածումները. ուստի ամէն ժամանակ եւ ամէն տեղ պէտք է զգոյշ ըլլանք մեղքէ։
[Տե՛ս՝ 1. Թագաւորաց 2.3; Յոբ 26.6, 27.24, 34.21; Սաղմոս 33.13-14, 44.21, 94.9, 139.1-16; Առակաց 15.11; Երեմիա 32.19; Մատթէոս 6.18, 9.4, 10.29, 12.25; Մարկոս 5.30, 12.15; Յովհաննէս 2.25, 6.64, 16.30; Գործք Առաքելոց 16.18; Եբրայեցիս 4.13։]
12. Ի՞նչ կը նշանակէ Աստուծոյ ամենագէտ (Omniscient) ըլլալը:
Այդ կը նշանակէ՝ (1) Աստուած ունի անսահման եւ ամենէն կատարեալ գիտութիւն (Հռովմայեցիս 11.33)։ (2) Աստուած գիտէ Իր բոլոր արարածները՝ նախքան անոնց գոյութեան գալը, անոնց յատկութիւնները, անոնց ամենէն գաղտնի մտածումները, եւ անոնց բոլոր գործերուն արդիւնքները՝ բոլոր դարերուն ընթացքին (Կորնթացիս 2.2) (Եբրայեցիս 4.13)։
13. Ինծի ապացոյց տուր Աստուծոյ ամենագիտութեան (Omniscience) մասին:
Եթէ բան մը ըլլար, որ Աստուած յաւիտենութենէն ի վեր չգիտնար, ապա հնարաւոր պիտի ըլլար Աստուծոյ գիտութեան վրայ յաւելում մը ընել. իսկ այդպիսի լրացուցիչ գիտութիւնը այս պարագային փոփոխութիւն մը պիտի նշանակէր Իր մէջ։ Այդ ատեն Ան չէր կրնար ըլլալ ամենակատարեալ ու անսահման, ինչ որ անկարելի է, որովհետեւ ան, որ ամենակատարեալ, անսահման եւ ամենագէտ չէ, չի կրնար Աստուած ըլլալ։
14. Աստուծոյ ամենագիտութենէն օրինակ մը տուր:
Եթէ արուեստագէտը կը հասկնայ իր իսկ գործերը, որքան աւելի Աստուած կը ճանչնայ Իրը՝ Ան, որ Իր արարածներուն ո՛չ միայն ձեւ տուած է, այլ նաեւ ոչինչէն գոյութեան բերած է այն տարրերը, որոնցմով անոնք կազմուած են։
(Քաղուած՝ Խորէն Արք. Նարպէյի «Կանոն Քրիստոնէական Դաստիարակութեան» հատորէն:)