18 – ՍՐԲԱՆԿԱՐ

Եկեղեցւոյ Ս. Յարկէն ներս գործածուող նկարները կը կոչուին սրբանկարներ, որոնք կը պատկերեն Քրիստոսի տնօրինական կեանքէն դրուագներ, առաքեալներու եւ սրբակենցաղ նուիրեալներու նկարներ:
Մեր եկեղեցին խաչքարէն զատ՝ քանդակուած արձաններու պաշտամունքը կը մերժէ: Սակայն ընդունելի կը նկատէ սրբանկարներու պաշտամունքը, ինչ որ հաւատացեալներու բարեպաշտական զգացումներուն մեծ գոհացում կու տայ:
Եկեղեցիէն ներս գործածուող սրբանկարները Սրբալոյս Միւռոնով օծուած պէտք է ըլլան եւ գծուած՝ կտաւի, խաւաքարտի կամ տախտակի վրայ: Որմնանկարները եւս իրենց իւրայատուկ տեղը ունին մեր եկեղեցիէն ներս:
Հայց. Եկեղեցւոյ Սրբազան կամարներուն ներքեւ, մենք հետեւեալ սրբանկարներուն կրնանք հանդիպիլ:
Երբ եկեղեցի կը մտնենք, մեր հայեացքը առաջին հերթին կը կեդրոնանայ Ս. Սեղանին խորքը, բազմոցին սանդղամատերու վերջաւորութեան հանգչած Աստուածամօր նկարին, մանուկ Յիսուսը իր գիրկը:
Աստուածամօր նկարը պէտք է իր լրջութեամբ, հագուածքով սրբութիւն ճառագայթէ, Յիսուս մանուկը հագուստով, մօր աջ ծունկին ոտքի կեցած կամ մայրական գգուանքին ներքեւ պառկած:
Լատին եկեղեցին ընդհանրապէս կը փորձէ Աստուածամայրը ներկայացնել արտաքին բացառիկ գեղեցկութեամբ եւ հագուածքը՝ երբեմն ոչ այնքան զուսպ:

Աստուածամօր նկարը պէտք է սրբութեան, անմեղութեան եւ մայրական գորովալի կերպարի մարմնացումը ըլլայ:
Մայր Խորանին նկարը թէպէտեւ ընդհանրացած է, որ Աստուածամօր նկարը ըլլայ, բայց հակաօրինական չէ նաեւ Ս. Սեղանին վրայ տեղադրել տէրունի զանազան այլ նկարներ: Ինչպէս Վերափոխման, Խաչելութեան, Յարութեան, Համբարձման, Վերջին Ընթրիքի եւ այլ զանազան սրբանկարներ:
Մկրտութեան աւազանին վերեւ սովոր ենք հանդիպելու Յիսուսի Մկրտութեան սրբանկարին: Մեծ Պահոց ընթացքին՝ գոց վարագոյրին առջեւ կախուած խաչելութեան նկարին:
Մեր եկեղեցիներուն մէջ ընդհանրապէս ներկայ են չորս Աւետարանիչներու նկարները, այն սուրբին նկարը որուն անուան նուիրուած է եկեղեցին եւ հայ դպրութեան ճառագայթող զոյգ դէմքերուն՝ Ս. Սահակ Հայրապետին եւ Ս. Մեսրոպ Վարդապետին նկարները:Եւ տակաւին եկեղեցւոյ գաւիթն ու բանկալը ճոխացած են զանազան սրբանկարներով եւ եկեղեցին պայծառացած, հաւատքի ճանապարհին արեան վկայութեամբ մարտիրոսացած եւ ապրուած կեանքի մը վկայութեամբ՝ լոյսէ պսակ վաստակած սուրբերու նկարներով: