ԾԻՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ ՇԱՐՔ

16 – Քշոց

Ս. Պատարագի երգեցողութեան ընթացքին, երկու դպիրներ խորանին աջ եւ ձախ կողմերը կեցած ի ձեռին բռնած փայտէ երկար ձողեր, որոնց վրայ քշոցներ հաստատուած՝ կը շարժեն զանոնք, որոշ կշռոյթ մը տալով երգեցողութեան:

Քշոցի նախմական գործածութիւնը, իմաստը եւ նշանակութիւնը տարբեր եղած է անցեալին:

Քշոցակիրները պատարագիչին երկու կողմերը կը կենային Մեծ Խորհուրդի կատարման ընթացքին ճանճերը քշելու համար, միանգամայն հաստատելով, որ՝ սերովբէներ սրբութիւնը կը պաշտպանեն: 

Սակայն այսօր, այս հին հասկացողութիւնն ու սովորութիւնը ի սպառ անհետացած է եւ քշոցներ դարձած են մետաղեայ կլոր այն սպասները, որոնց վրայ վեցթեւեան սերովբէներուն քանդակը կայ եւ շուրջ բոլորը բոժոժներով զարդարուած, որոնք մեղմ ձայնով որոշ կշռոյթ մը կու տան երգեցողութեան:Քշոցը այսօր ցնծութիւն եւ ուրախութիւն արտայայտող նուագարան մըն է, որ կը ճոխացնէ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնը:

17 – ԱՐԾԻՒ

50-75 սմ. Տրամագիծ ունեցող եւ արծիւի պատկերով կլոր գորգ մըն է, որ կը դրուի կաթողիկոսական գահին առաջամասը: Անոր վրայ կը կենայ կաթողիկոսը:

Այս գորգը երբեմն հիւսուած կ’ըլլայ նրբարուեստ կտաւի վրայ:

Արծիւը երկնքի թռչնազգիներուն թագաւորը նկատուած է եւ ամենէն բարձր ճախրող թռչունը:

Այս գորգի գործածութիւնը վերապահուած է կաթողիկոսներուն, կը դրուի հոն, ուր կաթողիկոսը կը նստի կամ կը կենայ՝ քարոզելու եւ պատգամելու համար:

Եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան ընթացքին, Ձեռնադրութեան Մաշտոցը կը հրահանգէ ընծայեալ եպիսկոպոսացուներուն յառաջանալ դէպի արծիւը՝ այսինքն հոն, ուր նստած է կաթողիկոսը:

Արծիւի երկրորդ խորհրդանշանը մենք կը տեսնենք ոսկեայ որպէս զարդ կաթողիկոսներու կուրծքին՝ ինչ որ պանակէին եւ խաչին հետ երրեակ ներդաշնակութիւն մը կը կազմեն:

Զարդ արծիւը կը խորհրդանշէ կաթողիկոսներուն հոգեւոր գերագոյն իշխանութիւնը:Արծիւի գործածութիւնը ընդհանրացած է նաեւ Երուսաղէմի պատրիարքներուն մօտ: