ՔՕՂ

Քօղը, ազնիւ, սպիտակ եւ թափանցիկ այն շղարշն է, որ կաթողիկոսական օծման, «Առաքելոյ աղաւնոյ…» շարականի երգեցողութեամբ, երբ Սրբալոյս Միւռոնը կը հեղուն կաթողիկոսի գլխուն, սպիտակ քօղը կը դնեն նորաօծ հայրապետի գլխուն, որ ծածկելով անոր դէմքը կ’իջնէ մինչեւ ուսերը:

Նորաօծ կաթողիկոսը քօղով կը շարունակէ Ս. Պատարագը եւ քօղով կու տայ հայրապետական իր անդրանիկ պատգամը՝ քարոզը:

Սպիտակ քօղի գործածութեան կը հանդիպինք նաեւ, երբ Սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւնը կ’աւարտի Միւռոնի կաթսային վրայ կ’իջեցնեն սպիտակ քօղը, որպէս սրբութեան խորհրդանիշ:

Իսկ վարդապետական գաւազանի տուչութեան պահուն, գաւազանին գլուխը մասնաւոր սպիտակ քօղով մը պարուրուած կ’ըլլայ եւ ժապաւէնով՝ կապուած: