Քրիստոսի եօթանասուն երկու կամ «եօթանասունք» կոչուող աշակերտները, տասներկու առաքեալներուն հետ Քրիստոսի Աւետարանը համայն աշխարհին տարածելու նոյն առաքելութեան կոչուած աշակերտներ էին, որոնց համար Աւետարանը կ’ըսէ. «Յիսուս եօթանասուներկու աշակերտներ եւս նշանակեց եւ զանոնք զոյգ-զոյգ իրմէ առաջ ղրկեց իր երթալիք բոլոր քաղաքներն ու շրջանները: Անոնց ըսաւ. Հունձքը առատ է, բայց մշակները՝ քիչ : Գացէ՛ք ահա կը ղրկեմ ձեզ իբրեւ գառնուկներ՝ գայլերու մէջ» (Ղկ 10.2-16):
Եօթանասուն երկուքէն ոմանք Քրիստոսի Խաչ բարձրանալէն առաջ ընտրուած էին, իսկ ուրիշներ ալ՝ յարութենէն ետք

Նոր կտակարանին մէջ անոնց անունները հազուագիւտ յիշատակուած են: Անոնք ընդհանրապէս շրջաններու առաջնորդներ կամ եպիսկոպոսներ եղած են եւ անոնցմէ շատեր՝ նահատակուած:
Վարք Սրբոցներ (Յայսմաւուրք) եւ այլ աղբիւրներ կը վկայէն եօթանասուն երկու աշակերտներու դասուն պատկանող քառասուն ստոյգ եւ երեսուն հաւանաբար կիներ, անուններու մասին:
Ինչպէս որ տասներկու առաքեալներուն մեջէն Յուդա իսկարիոտացին մատնեց Քրիստոսը, այնպէս ալ եօթանասուն երկուքին մէջէն՝ Նիկողայոս Անտիոքացի աղանդապետը, Փիքելոսը, Հերմոգինէսն ու դեմասը դարձան Քրիստոսը ուրացողներ եւ սկսան Քրիստոսի հետեւորդները սխալ վարդապետութիւններու ճամբով մոլորեցնել, որոնք աւանդութեան համաձայն Յուդայի նման դուրս դրուեցան առաքեալներու խումբէն եւ անոնց փոխարէն ուրիշներ ընտրուեցան:
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կը ներբողէ Քրիստոսի քաջ եւ հաւատարիմ զինուորներն առաքինի առաքեալները ըսելով. «Այսքան բազմագումար դասը ընտրեալներուն՝ ո՜վ կրնայ ըստ բաւականին ներբողել: Անոնք մաքրակենցաղ առաքինութեամբ տիրաքարոզ ճանապարհորդութեամբ եւ մեծ բերկրանքով իրենց առաքողին անունը կը պատմէին. ախտերը՝ կը բուժէին, այսերը (չար ոգիները) կը հալածէին: Զանոնք առաքող Աստուածը՝ արժանացուց նաեւ սուրբ արքայութեան»: (Վարք Սրբոց էջ 31-34):
Ս. ՍԱՀԱԿ ԵՒ Ս. ՀԱՄԱԶԱՍՊ ԻՇԽԱՆՆԵՐ
Սահակ եւ Համազասպ հարազատ եղբայրներ Արծրունեանց տոհմի նախարարներ էին եւ վասպուրականի տէրերը:
Անոնք ապրած են 8-րդ դարուն, Կոստանդինի կայսրութեան եւ Մուսէ արաբ ամիրապետի շրջանին:
Նոյն շրջանին Հայերը մեծ նեղութիւններ կը կրէին այլազգի ոստիկաններէն:
Ուստի միաբանելով՝ հայ իշխաներ զանոնք կը վտարեն հայկական հողերէն եւ որպէս անկախ իշխանութիւն կը ղեկավարեն երկիրը եւ Համազասպ Արծրունին մարզպետ կը կարգեն:
Ամիրապետը իրազեկ դառնալով եղելութեան, իսկոյն՝ Եզիտ անուն ոստիկան մը կը ղրկէ, որ կեղծ խոստումներով երկու նախարարները եւ իրենց կրտսեր Մերուժան եղբայրը արաբ հազարապետին մօտ կը հրաւիրէ:
Հազարապետը նախ յարգալից վերաբերումնք ցոյց կու տայ նախարարներուն, ապա զիրենք կը տանի Պարտաւ քաղաքը եւ հոն իր իսկական դիմագիծը եւ նպատակը ցոյց կու տայ, առաջարկելով՝ կամ ուրանալ Քրիստոնէական հաւատքը եւ կամ ընդունիլ մահը:

Քաջ իշխանները կը նախընտրեն նահատակութիւնը, քան թէ ուրանալ իրենց հաւատքը:
Այն ատեն հազարապետը զիրենք կը բանտարկէ եւ կրկին կը փորձէ համոզել, որ ուրանան իրենց հաւատքը, հակառակ պարագային կը սպառնայ զիրենք չարաչար սպանել:
Իրենց եղբայրը Մերուժան թուլասիրտ կը գտնուի, անմիջապէս կ’ուրանայ իր հաւատքը, հազարապետին քով երթալով յանձն կ’առնէ մահմետական դառնալ:
Մերուժան կը կարծէ, որ այս ընթացքով ինք Վասպուրականի իշխան պիտի դառնայ, բայց արծրունեաց իշխանութեան առժամեայ վարչութեան պետ Դաւիթ Մամիկոնեան իշխանը, լսելով եղելութիւնը, անոր ընդառաջ երթալով կը նախատէ եւ կը սպանէ զինք:
Նենգամիտ հազարապետը, կարծելով թէ հայ իշխանները իրենց եղբոր արարքէն ետք, կարծիքնին փոխած կ’ըլլան, կրկին խոստումներ կու տայ ուրանալու իրենց հաւատքը, սակայն իշխանները խոստացուած պատիւներու փոխարէն նահատակութիւնը յանձն կ’առնեն:
785 թուականին, կը նահատակուին Քրիստոսի երկու վկաները՝ Ս. Համազասպ եւ Ս. Սահակ Իշխանները: Ամէն տարի Հայց.Առաքելական Ս. Եկեղեցին կը յիշէ եւ կը մեծարէ անոնց յիշատակը:
Համադրեց՝
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան