Շաբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2026-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայ Առաքելական եկեղեցին, Բերքի օրհնութեան տարեկան խրախճանքին առիթով, հիւրընկալեց Թորոնթոյի քաղաքային խորհուրդի անդամ եւ քաղաքապետի թեկնածու Պրատ Պրատֆըրտը, որ համայնքի անդամներուն հետ մասնակցեցաւ տօնական երեկոյին։
Այցելութեան ընթացքին, Պրատֆըրտ հանդիպում ունեցաւ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի, Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեանի, Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Բրշ. Կարօ Սրկ. Սարգիսեանի եւ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչին, ինչպէս նաեւ Թորոնթոյի Հայ Դատի Յանձնախումբի (ANCT) ատենապետ՝ Տիար Վաչէ Գըլըպոզեանի եւ Յանձնախումբի ներկայացուցիչին հետ։
Հանդիպումը առիթ ընծայեց կառուցողական զրոյցի եւ կարծիքներու փոխանակման՝ Թորոնթոյի հայ համայնքը յուզող հարցերուն եւ համայնքային կեանքին առնչուող կարեւոր նիւթերուն շուրջ։
Հանդիպման աւարտին, Պրատֆըրտ շնորհակալութիւն յայտնեց ջերմ ընդունելութեան համար, իսկ ներկաները անոր յաջողութիւն մաղթեցին յառաջիկայ ընտրութիւններուն։
