ՏՕՆ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ  ՅԻՍՈՒՍԻ  ՔՐԻՍՏՈՍԻ

ԵՍԱՅԻԻ  ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ (54.1-14):

«Քանզի լեռները պիտի վերանան եւ բլուրները պիտի սասանին, բայց իմ ողորմութիւնս քեզմէ պիտի չվերանայ ու իմ խաղաղութեանս ուխտը պիտի չսասանի» (Ես 54.10):

Եսայի մարգարէ մարգարէանալէ ետք Քրիստոսի փրկարար յայտնութիւնը՝ մարդկութեան մեղքերը քաւելու, զանոնք Իր վրայ կրելու եւ մարդոց անօրէնութիւններուն պատճառով մահուան դատապարտուիլը, կը յայտնէ թէ Աստուած անգամ մը եւս կ’ուխտէ ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն պարգեւել Իրեն հետեւող ժողովուրդին:

Աստուած Իր խոստումին համաձայն կատարեց ու կը կատարէ Իր փրկագործական ծրագիրը: Աստուած անշահախնդրօրէն, անփոխադարձ եւ առանց պայմանի Իր շնորհները կու տայ բոլորին: Օրինակ՝  հոգեւորապէս կոյր էինք եւ չէինք տեսներ ճշմարտութիւնը, Քրիստոսով բացուեցաւ մեր հոգիի աչքերը, որպէսզի գիտակցաբար եւ համարատուութեամբ լոյս դառնանք մեր շրջապատին մէջ, յատկապէս ճգնաժամային այս օրերու անցուդարձերու ընթացքին, լուսաւորելու համար մեր ճանապարհը, ինչպէս նաեւ լուսաւորելու  մարդկային ընկերութեան հաւաքական խաղաղութեան եւ բարօրութեան սատար հանդիսանալով: Աւետարանին այրի կնոջ օրինակին հետեւելով մեր  լուման մատուցելով օգտակար ըլլալու հայրենիքին, եկեղեցւոյ, հայ դպրոցին եւ բոլոր անոնց, որոնք կարիքը ունին մեր օժանդակութեան:

Աստուածաշունչի բոլոր գիրքերուն մէջ ակնյայտ է Աստուծոյ բաղձանքը, մարդը տեսնել  համաձայն Իր պատկերին ու նմանութեան: Մարդը, երբ նիւթականացած մտայնութեամբ եւ կրաւորական  ընթացքով, միայն երկրաւոր նիւթական իշխանութիւն կը խնդրէ, Աստուծոյ փափաքը կատարած չ’ըլլար: Աստուծոյ նմանելու համար պէտք է խնդրել Աստուծոյ արդարութիւնը եւ Արքայութիւնը: Աստուած ունենալ մեր կեանքին մէջ, կը նշանակէ ունենալ ապահովութիւն, պաշտպանութիւն, ողորմութիւն եւ խաղաղութիւն: Այս առնչութեամբ, սաղմոսերգու Դաւիթ մարգարէն կ’ըսէ. «Ինչպէս Երուսաղէմի լեռները շրջապատուած են, նոյնպէս Տէրը իր ժողովուրդին չորս կողմն է, ասկէ յետոյ մինչեւ յաւիտեան» (Սղ 125.2):

Աստուծոյ ողորմութիւնը վայելելու, խաղաղ ապրելու եւ փրկութեան հասնելու  համար, պէտք է ընդհանրական եւ գերագոյն նպատակներ հետապնդել, նմանելով մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի: Աստուած, Քրիստոսով «Ուխտ» մը կնքեց եւ խոստացաւ արքայութիւն տալ բոլոր անոնց, որոնք արժանի են: Օրինակ՝ Յիսուս Իր տասներկու առաքեալներուն խոստացաւ անոնց անունները գրել «Կենաց Գրքին» մէջ, ներառեալ  Յուդա Իսկարիովտացիին, սակայն վերջինս անարժան գտնուելով մերժուեցաւ: Աստուծոյ խաղաղութիւնը, ողորմութիւնն ու թագաւորութիւնը մերժողը դաւաճան Յուդային նման պիտի դատապարտուի, Քրիստոսի խօսքին համաձայն.«Երանի անիկա ծնած չըլլար» (Մտ 26.24):

Հետեւաբար, Աստուծոյ ողորմութեան եւ խաղաղութեան ուխտին հաւատարիմ մնանք եւ նախանձախնդիր ըլլանք Անոր կամքին, հասկնալու եւ կատարելու:

ՏՕՆ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԵԱՆ ՏԵԱՌՆ ՄԵՐՈՅ  ՅԻՍՈՒՍԻ  ՔՐԻՍՏՈՍԻ

Հայաստանեայց առաքելական Ս. եկեղեցւոյ Տէրունական անշարժ տօներէն է Յիսուս Քրիստոսի Անուանակոչութեան տօնը, որ  կը նշուի Յունուարի 13-ին: Իսկ Յովհաննու Կարապետի Ծնունդը՝ Յունուարի 14-ին:

Ըստ Ղուկաս աւետարանիչին, Մարդացեալ Աստուածորդիին  ծննդեան 8-րդ օրը, Յովսէփն ու Մարիամ Աստուածածինը, Յիսուս մանուկը Տաճար կը տանին Աբրահամի և Աստուծոյ միջև դրուած ուխտի (Ծննդ. 17.4–14) համաձայն թլփատելու: Թլփատութեան ժամանակ, մանուկին կ’անուանեն Յիսուս, որ (եբրայերէն կը նշանակէ փրկիչ). «Եւ երբ ութ օրերը լրացան, և զայն թլփատեցին, անոր անունը Յիսուս կոչեցին, ինչպէս որ հրեշտակին կողմէ  ըսուած էր» (Ղուկ. 2.21):

ԾՆՈՒՆԴ Ս. ՅՈվՀԱՆՆՈՒ ԿԱՐԱՊԵՏԻ

Ըստ Ղուկաս  Աւետարանիչի, Յովհաննէս Մկրտիչի հօրը` Զաքարիա քահանային, տաճարի  խնկարկութեան ժամանակ կը յայտնուի Տիրոջ հրեշտակը եւ կ’աւետէ   անոր՝ զաւկի մը ծննդեան մասին: Սակայն, ծեր Զաքարիան թերահաւատութեամբ կ’ընդունի բարի լուրը և կասկածամտութեան համար, որպէս պատիժ, մինչև իր զաւկին  ծնունդը համր կը դառնայ:

Ս. Յովհաննէս Մկրտիչը, որ պիտի մկրտէր համայն մարդկութեան Փրկիչը: Յիսուսի աշխարհ գալուստէն առաջ զԱյն դաւանած է: Աւետարանիչը  կը  վկայէ, որ երբ Աստուածամայր Մարիամ կ’այցելէ Եղիսաբեթին` Ս. Յովհաննէս  Մկրտչին  մօրը, վերջինս, լեցուելով Սուրբ Հոգիով, կը բացագանչէ «Ինչ մեծ ուրախութիւն, որ իմ Տիրոջս մայրը  իմ  մօտս գայ, որովհետև ահաւասիկ, երբ  ողջոյնիդ  ձայնը հասաւ իմ ականջիս, մանուկը ցնծալով՝ խաղաց որովայնիս մէջ» (Ղուկ. 1:43-44):

Հայ  եկեղեցւոյ կանոններուն համաձայն, Ս. Աստուածածինէն յետոյ  յաջորդ մեծագոյն սուրբն է Յովհաննէս Մկրտիչը: Ան սերտօրէն կապուած է հայ եկեղեցւոյ եւ պատմութեան հետ: Հայաստանի  մէջ քրիստոնէ-ութիւնը պետական կրօնքի դարձի օրերուն, երբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայրապետ Կեսարիայէն  ձեռնադրուած  կը  վերադառնայ,  իր հետ կը բերէ Յովհաննէս Մկրտչի մասունքներէն, որոնք կը զետեղուին Մուշ քաղաքի մօտակայքը՝ հայոց հողի վրայ հաստատուած առաջին յայտնի աղօթատեղիներէն մէկուն մէջ,  ուր հետագային կը կառուցուի «Ս. Կարապետ» վանքը, որը մեր եկեղեցոյ ամենահռչակաւոր ուխտավայրերէն մէկն էր:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան