Երեքշաբթի, 22 Սեպտեմբեր 2026-ի կէսօրին, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) ատենապետ եւ Պէյրութի Նոր Մարաշի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Վեր. Ռաֆֆի Մսըրլեան, ընկերակցութեամբ Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ՝ Վեր. Զօհրապ Սարգիսեանի եւ Պատ. Արա Պալքճեանի, այցելեց Ս. Աստուածածին Եկեղեցի։
Հիւրերը դիմաւորուեցան եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի եւ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի կողմէ։
Հոգեւոր հայրերը հակիրճ կերպով ներկայացուցին եկեղեցւոյ առաքելութիւնն ու գործունէութիւնը։ Հանդիպումը իր աւարտին հասաւ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած կանոնական աղօթքով։