Վարագոյրի գործածութիւնը իւրայատուկ է Հայց. Եկեղեցւոյ։
Ընտիր կերպասով, երբեմն պատկերազարդ եւ կամ թաւիշէ, բայց միշտ գեղեցիկ ասեղնագործուած կեդրոնական խաչով զարդարուած՝ ան մասնաւոր օղակներով կախուած կը մնայ խողովակէ մը, որ հարկ եղած պարագային ձախէն դէպի աջ կը գոցուի եւ կը բացուի, իր ծածկոյթին տակ առնելով Ս. Խորանին վրայ խարսխուած աստուածընկալ Ս. Սեղանը։
Վարագոյրը կը գոցուի պատարագի սկզբնաւորութեան, երբ նշխարն ու գինին կ’ընծայուին Ս. Սեղան գերահրաշ Խորհուրդի կատարման համար։ Այս պատրաստութեան բաժինն է, եւ երբ կը բացուի պատարագիչը թափօր կը դառնայ։
Վարագոյրը կրկին կը գոցուի, երբ պատարագիչ քահանան կը ճաշակէ Ս. Հաղորդութիւնը եւ կ’ըմպէ Քրիստոսի Արեան փոխարկեալ գինին։
Ուրեմն պատարագիչը Հաղորդուելէ ետք վարագոյրը վերստին կը բացուի այս անգամ հաւատացեալները հաղորդելու։
Մեծ Պահոց ընթացքին 45 օր վարագոյրը գոց կը մնայ ի նշան նախածնողներու մեղանչումին, եւ զղջումի ու ապաշխարութեան շրջան մը կը սկսի հաւատացեալներու հոգերւոր պատրաստութեան, դիմաւորելու համար Աստուածորդւոյն հրաշափառ Ս. Յարութիւնը։
Այստեղ կ’ուզենք յիշատակել, որ Մեծ Պահոց ընթացքին սեւ կամ մութ գոյն վարագոյր կը գործածուի:
Անցեալին կարգ մը եկեղեցիներ որդեգրած էին երկրորդ վարագոյրի մը դրութիւնը, որ աւելի փոքր կ’ըլլար, եւ ա՛յդ վարագոյրը կը գոցուէր երբ պատարագիչ քահանան կը ճաշակէր Ս. Հաղորդութիւնը եւ կ’ըմպէր Քրիստոսի Արեան փոխարկեալ գինին։
Յոյն ուղափառ Եկեղեցւոյ մօտ վարագոյրի փոխարէն Ս. Սեղանը մասնաւոր սրբանկարներով (Icon) ծածկուած կ’ըլլայ ժողովուրդի տեսողութենէն, կեդրոնը ունենալով մասնաւոր բացուածք մը, ուրկէ պատարագիչը խաղաղութիւնը կու տայ։