ՎԱՐԱԳԱՅ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉԻ ՏՕՆ ԵՒ ԲԵՐՔԻ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ

Կիրակի, 27 Սեպտեմբեր 2026-ին, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով հանդիսաւորապէս նշուեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ յատուկ՝ Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնը։ Օրուան պատարագիչն ու քարոզիչն էր Անթիլիասէն ժամանած Հոգշ. Տ. Մովսէս Աբղ. Եօսուլքանեանը։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, Սարկաւագաց եւ Դպրաց դասերու առաջնորդութեամբ, թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր, համաձայն մեր դարաւոր աւանդութեան, կատարուեցաւ Բերքի օրհնութեան արարողութիւնը։ Գոհաբանական աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած՝ հողին պարգեւած բարիքներուն համար, ապա հաւատացեալներուն բաժնուեցան օրհնուած խնձորներ։