Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈՎԻՒԻՆ ԵՒ ԿԱՄԱՒՈՐՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ

Ինչպէս նախորդող շաբաթներուն, անցեալ շաբթուան ընթացքին եւս, Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ հովիւն ու եկեղեցւոյ կամաւորները այցելեցին մեր երէցներուն, զանազան ծերանոցներէ (Seven Oaks Long-Term Care Home) եւ հիւանդանոցներէ (North York General, Sunnybrook & Grace Hospital) ներս եւ անոնց հետ աղօթեցին, բժշկութեան աղօթքով օրհնեցին, երգեցին եւ նուագով հաճելի ու խանդավառ պահեր ստեղծեցին մեր սիրելի երէց հայորդիներուն: Բոլորն ալ խանդավառ մթնոլորտի մէջ խնդրեցին կրկնել այս այցերը: