
Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2026-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, ընդառաջելով Debre Genet St. Tekle Haymanot Ethiopian Orthodox Tewahedo Church-ի հրաւէրին, ներկայ գտնուեցաւ Եթովպական Նոր Տարուան եւ Օնթարիոյի մէջ առաջին անգամ պաշտօնապէս նշուող Եթովպական Ժառանգութեան Ամսուան նուիրուած փառաբանական հանդիսութեան։ Գերպ. Հայր Սուրբին ընկերացան հոգաբարձութեան անդամներէն՝ Տիկ. Սիլվանա Պապաիկեան եւ եկեղեցւոյ սարկաւագներէն՝ Յակոբ Սրկ. Կիրակոսեան։

Փառաբանական այս ձեռնարկին ներկայ էին Եթովպական Ուղղափառ Թեւահետօ Եկեղեցւոյ առաջնորդը, հոգեւորականներ, պետական եւ քաղաքական ներկայացուցիչներ, եթովպիական համայնքի պատասխանատուներ, բազմաթիւ հիւրեր եւ հազարաւոր հաւատացեալներ։
Գերպ. Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ անունով ողջունեց ներկաները եւ շնորհաւորեց Եթովպացի ժողովուրդը Նոր Տարուան, ինչպէս նաեւ առաջին Եթովպական Ժառանգութեան Ամսուան առիթներով։ Ան ընդգծեց, որ Հայ Առաքելական եւ Եթովպական Ուղղափառ Թեւահետօ Եկեղեցիները, որպէս Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու ընտանիքին պատկանող քոյր եկեղեցիներ, դարերէ ի վեր միացած են նոյն առաքելական հաւատքով եւ Քրիստոսի նկատմամբ իրենց վկայութեամբ։
Անդրադառնալով հայ եւ եթովպացի ժողովուրդներու պատմական կապերուն՝ Հայր Սուրբը յիշեց նաեւ Եթովպիոյ մէջ հայերու ներկայութեան եւ ներդրումին որոշ ուշագրաւ էջեր։

Իր խօսքին մէջ Հայր Սուրբը շեշտեց, որ անցեալի այս եղբայրութիւնը պէտք չէ մնայ միայն պատմութեան էջերուն մէջ, այլ պէտք է շարունակուի մեր եկեղեցիներու, ընտանիքներու եւ յատկապէս նոր սերունդներու կեանքին մէջ։ Ան նշեց, որ մեր զաւակները պէտք է մեծնան գիտակցելով, թէ կը պատկանին աւելի լայն հոգեւոր ընտանիքի մը, որուն անդամներուն շարականները կրնան տարբեր հնչել, սակայն անոնց հաւատքն ու յոյսը արմատացած են նոյն Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի մէջ։
Հայր Սուրբը նաեւ իր բարեմաղթութիւնները յայտնեց Եթովպիոյ եկեղեցւոյ հոգեւոր հայրերուն եւ հաւատացեալներուն՝ աղօթելով, որ Աստուած օրհնէ անոնց համայնքային եւ եկեղեցաշինական ծրագիրները եւ առաւել զօրացնէ երկու քոյր եկեղեցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող եղբայրական կապերը։

