
Եկեղեցիէն ներս որեւէ անօթ կամ զարդ որ արարողական ծառայութեան համար կը գործածուի, կը կոչուի սպաս:
Այս հասկացողութեամբ Խաչը, Միւռոնաթափ աղաւնին, ճաճանչներն ու Ս. Սեղանի զանազան զարդերը սպասներ են:
Սպասներ են նաեւ եկեղեցական զգեստները՝ փիլոն, շուրջառ եւ վերջապէս Ս. Պատարագի Խորհուրդին համար պատրաստուած մասն ու նշխարը:
Ուրեմն սպասներ կան առօրեայ ընթացիկ ծիսակատարութեանց վերապահուած եւ Սրբազան սպասներ, որոնց վերապահուած է նուիրական անօթներ կամ նիւթեր դառնալու եկեղեցական թէ հաւատացեալներու հոգեւոր կեանքին մէջ:

