— Ի՞նչ կը նշանակէ խորհուրդ, կրօնական իմաստով։
— Խորհուրդ կը նշանակէ աստուածային տնօրինութիւն մը կամ կարգադրութիւն մը, որ ըմբռնելի չէ մարդկային գաղափարներով, սակայն տեսանելի է հոգեւոր աչքերով։ Օրինակ՝ Մկրտութեան խորհուրդը մարդուն հոգին կը մաքրէ, աստուածային շնորհքներ կը պարգեւէ անոր, եւ քրիստոնեայ կը դարձնէ զայն։
— Ի՞նչ կը նշանակէ հաւատք։
— Հաւատք կը նշանակէ հաստատ համոզում, առանց կասկածի։
— Քանի՞ եւ որո՞նք համար հաստատուած են Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդները։
— Քրիստոս Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդները հաստատած է, որպէսզի իր փրկագործութիւնը շարունակուի անոնց միջոցով մինչեւ աշխարհի կատարածը։ Եօթը խորհուրդները եօթը աղբիւրներ են, որոնք անսպառ կը պարգեւեն Ս. Եկեղեցւոյ աստուածապարգեւ շնորհքները եւ զօրութիւնները եւ Սուրբ Հոգւոյ պարգեւները։
Ս. Եկեղեցւոյ եօթը խորհուրդներն են՝
- ՄԿՐՏՈՒԹԻՒՆ
- ԴՐՈՇՄ
- ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԻՒՆ
- ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ
- ՊՍԱԿ կամ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԻՒՆ
- ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ
- ԿԱՐԳ ՀԻՒԱՆԴԱՑ կամ ՎԵՐՋԻՆ ՕԾՈՒՄ
