Հետեւաբար մէկդի՛ ձգեցէք ամէն տեսակ չար մտածում ու նենգութիւն, կեղծաւորութիւն ու նախանձ եւ ամէն տեսակի չարախօսութիւն: Որպէս հաւատքի նորածին մանուկներ՝ Աստուծոյ խօսքին անխարդախ կաթին փափաքեցէք, որպէսզի անով աճիք եւ փրկութեան հասնիք: «Անգամ մը որ Տիրոջ խօսքին համը առնէք, պիտի տեսնէք թէ քաղցր է ան»: Մոտեցէ՛ք անոր, Քրիստոսի, որովհետեւ ի՛նքն է այն կենդանի վէմը, որ թէպէտ մարդոցմէ մերժուած, բայց Աստուծմէ ընտրուած պատուական վէմ մըն է: Այսպիսով դո՛ւք ալ, որպէս կենդանի քարեր, Քրիստոսի վէմին վրայ կը կառուցուիք՝ իբրեւ հոգեւոր տաճար. Իւրաքանչիւրդ կը դառնաք անարատ քահանաներ եւ Յիսուս Քրիստոսի միջոցաւ հոգեւոր ընդունելի պատարագ կը մատուցանէք Աստուծոյ: Որովհետեւ մարգարէութեան մէջ գրուած է.-
«Ահա ես Սիոնի մէջ կը դնեմ ընտրուած վէմ մը, պատուական անկիւնաքար մը. Անոր հաւատացողը յուսախաբ պիտի չըլլայ»:
Քանի դուք հաւատացիք Քրիստոսի, անիկա ձեզի համար պատուական վէմը եղաւ. Մինչդեռ չհաւատացողներուն համար՝ անիկա «Այն քարն է, որ թէպէտ շինողները մերժեցին գործածել, բայց ինք անկիւնաքարը եղաւ», կամ՝ «Այն քարն է, որ գլորումի եւ գայթակղութեան առիթ» պիտի ըլլայ անոնց համար՝ որոնք Աստուծոյ խօսքը անհամոզիչ գտնելով կը գայթակղին, ինչպէս որ Աստուած նախատեսած էր:
Գալով ձեզի, դուք ընտրուած ցեղ մըն էք, թագաւորելու կոչուած քահանաներ, սուրբ ազգ մը, Աստուծոյ սեփական ժողովուրդը. Եւ ձեր պարտականութիւնն է քարոզել զօրութիւնը անոր՝ որ ձեզ խաւարէն իր սքանչելի լոյսին կանչեց: Որովհետեւ հիմա Աստուծոյ ժողովուրդն էք, մինչ նախապէս չէիք. Հիմա իր ողորմութիւնը կը վայելէք, մինչ նախապէս զրկուած էինք անկէ:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան