Պատանի-պատանի, ի վերջոյ հասանք պատանեկութեան տարիքը։
Պատանեկութիւնը կեանքի այն շրջանն է, երբ մենք մե՛զ կը սկսինք աւելի լաւ ճանչնալ, մեր շրջապատը եւ մեր համոզումները։ Դպրոցին, ընկերներուն, գործունէութիւններուն եւ առօրեայ բազմազբաղ կեանքին մէջ, բաւարար ժամանակ չունինք մեր հաւատքին համար։ Սակայն հաւատքը մեր կեանքին մէջ պէտք չէ սահմանափակուի միայն Կիրակի օրերուն կամ եկեղեցի այցելելով։ Հաւատքը մեր առօրեային առաջին մէկ մասը պէտք է ըլլայ։
Պատանի տարիքը այն ժամանակն է, երբ մենք շատ տարբեր ազդեցութիւններու կը հանդիպինք։ Մեր ընկերները, դպրոցը, ակումբը, ընկերային շրջապատը եւ մեր շրջապատը կրնան ազդել մեր մտածելակերպին եւ որոշումներուն վրայ։ Այս բոլորին մէջ կարեւոր է յիշել մեր արժէքները եւ այն, ինչին կը հաւատանք։
Քրիստոնեայ ըլլալ չի նշանակեր կատարելապէս ապրիլ կամ սխալ չգործել։ Այլ կը նշանակէ գիտնալ, թէ ո՞ւր կեցած ենք՝ երբ կը սխալինք, եւ շարունակել մեր ճանապարհը Աստուծոյ հետ։

Հաւատքը նաեւ կը դրսեւորուի մեր գործերուն մէջ։ Երբ ուրիշի մը կ՚օգնենք, կը ներենք, բարի կը գտնուինք կամ մէկու մը կը քաջալերենք դժուար պահու մը, մենք մեր հաւատքը գործնական կերպով կ՚արտայայտենք։ Երբեմն փոքր գործը կրնայ մեծ նշանակութիւն ունենալ ուրիշի մը կեանքին մէջ։
Եկեղեցական համայնքին մաս կազմելն ալ կարեւոր դեր ունի մեր հաւատքը ամրացնելու գործին մէջ: Եկեղեցիին մէջ ծառայելը, դպրաց դասին մասնակցիլը, Կիրակնօրեայ դպրոցը, սուրբ գիրքի սերտողութեան մասնակցիլը, երիտասարդական գործունէութիւնները կամ կամաւոր աշխատանքը մեզի կ՚օգնեն աւելի մօտ ըլլալ մեր համայնքին եւ Աստուծոյ։ Երբ բոլորս միասին կը ծառայենք եւ կը կիսենք մեր հաւատքը, կը հասկնանք, որ մեր ճանապարհը միայնակ չենք քալեր։
Կեանքի ընթացքին բնական է ունենալ հարցումներ կամ պահեր, երբ մեր հաւատքը այնքան զօրաւոր չենք զգար։ Այդ պահերը պէտք չէ մեզ վախցնեն։ Հարցումներ ունենալը կրնայ մեզ մղել աւելի խորանալու, սորվելու եւ մեր հաւատքը աւելի լաւ հասկնալու։ Հաւատքը շարունակական ճանապարհ մըն է, եւ մենք ամէն տարիքի նոր բաներ կը սորվինք Աստուծոյ եւ մեր մասին։
Որպէս պատանիներ՝ մենք այսօր իսկ եկեղեցւոյ կարեւոր մէկ մասն ենք։ Մենք միայն եկեղեցւոյ ապագան չենք, այլ նաեւ անոր ներկան։ Մեր մասնակցութիւնը, մեր ծառայութիւնը եւ մեր ձայնը կարեւոր են։ Եկեղեցիին մէջ մեր տեղը գտնելը կրնայ մեզի օգնել, որ մեր հաւատքը ոչ միայն պահենք, այլ նաեւ զայն ապրինք։
Ի վերջոյ, պատանի տարիքի ընթացքին մեր հաւատքը պահելը կատարելութեան մասին չէ։ Անիկա Աստուծոյ հետ կապ պահելու, նոյնիսկ զբաղած կամ դժուար ժամանակներուն, եւ ամէն օր փոքր քայլերով Իրեն մօտենալու մասին է։ Մեր պատանեկութիւնը հիանալի առիթ մըն է ամուր հիմք մը դնելու այնպիսի հաւատքի մը համար, որ մեզի հետ պիտի շարունակէ մեր ամբողջ կեանքին ընթացքին։
Սառա Սարգիսեան