ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՔԵՊԷԳ ՔԱՂԱՔ

Կիրակի, 6 Սեպտեմբեր 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեանի ընկերակցութեամբ խումբ մը հաւատացեալներ այցելեցինՔեպէգ քաղաք։

Առաջնորդ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէին՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վարդապետ Եագուպեանն ուԱզգային Վարչութեան ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեանը։

Ուխտագնացութեան սկիզբը, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ընկերակիցներուն հետ այցելեցԿոմիտաս Վարդապետի կիսանդրին, ուր հոգեհանգստեան կարգ կատարեց ի յիշատակ հայժողովուրդի բոլոր ննջեցեալներուն եւ յատկապէս Կոմիտաս Վարդապետի Հոգւոյ խաղաղութեանհամար։

Ապա, Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց Քէպէգի Chapelle Montmarte Canadien կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։

Իր պատգամին մէջ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկայութիւնը Քէպէգաբնակժողովուրդին։ Իր բարձր գնահատանքը յայտնեց Օրիորդ Սեդա Թէլեանին, որ երկար տարիներէհամադրած է այս այցելութիւնը եւ կը շարունակէ իր աշխատանքը։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին Քէպէգի համայնքի զաւակները առիթ ունեցան մտերմիկզրոյց ունենալու Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ուխտաւորներուն հետ։

Օրը իր աւարտին հասաւ նաւապտոյտով, ուր մասնակիցները առիթ ունեցան վայելելու Աստուծոյստեղծած բնութիւնն ու անոր բարիքները։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ