ՆԱՄԱԿԱՆԻ

Ստացած ենք ներքոյ նամականին, գաղութիս վաստակաշատ մտաւորական եւ հասարակական գործիչ՝ տիար Յակոբ Ճանպազեանի կողմէ յղուած, ուր յատուկ կերպով կ’անդրադառնայ եկեղեցւոյս շաբաթական լոյս տեսնող թերթին, առ ի գնահատանք տարուած աշխատանքին: Կը հրատարակենք իր շահեկանութեան համար եւ կը քաջալերենք մեր ընթերցողները որ փոխանցեն իրենց թելադրութիւնները ամենայն ազատութեամբ: Շնորհակալութիւն ձեր մնայուն քաջալերանքին համար:

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱՆՔ ԵՒ ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ՝ «ԵԿԵՂԵՑԻ» ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻՆ

Մեծ ուրախութեամբ եւ խոր գնահատանքով կ’ողջունենք մեր Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ երկլեզու «ԵԿԵՂԵՑԻ» շաբաթաթերթը, որ արդէն տարիներէ ի վեր դարձած է մեր ծխական ընտանիքի հոգեւոր, կրթական եւ լրատուական անբաժանելի ուղեկիցը։

Այս արժէքաւոր եւ բացառիկ հրատարակութիւնը պարզ տեղեկատուական թերթիկ մը չէ, այլ՝ հաւատքի, գիտելիքի եւ համայնքային կեանքի կամուրջ մը, որ շաբաթ առ շաբաթ իր հարուստ բովանդակութեամբ կը միաւորէ մեր հաւատացեալները։ Ան կը ներկայացնէ եկեղեցական կեանքի բոլոր կարեւոր անցուդարձերը, Սուրբ Գրային սերտողութիւններու, պաշտամունքներու, խորհուրդներու, ձեռնարկներու եւ ծխական գործունէութեան մանրամասն տեղեկութիւնները, միաժամանակ ընթերցողին մատուցելով հոգեւոր խորհրդածութիւններ, աստուածաբանական յօդուածներ, եկեղեցական պատմութիւն, սուրբգրային մեկնաբանութիւններ, դաստիարակչական նիւթեր եւ հայ մշակոյթի ու ժառանգութեան արժէքներ։

Առանձնապէս ողջունելի է այն, որ վերջին շրջանին շաբաթաթերթը աւելի հետաքրքրական ու բովանդակալից դարձած է՝ իր էջերուն մէջ ներառելով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, Անթիլիասի եւ համահայկական եկեղեցական կեանքի կարեւոր լուրերն ու անդրադարձները։ Այս նախաձեռնութիւնը մեր համայնքը աւելի սերտօրէն կը կապէ մեր հոգեւոր կեդրոնին, կը խորացնէ ազգային-եկեղեցական գիտակցութիւնը եւ կը հարստացնէ ընթերցողին աշխարհայեացքը։

Այս յաջողութեան մէջ անուրանալի է խմբագիր տիար Խաչիկ Տէտէեանի նուիրեալ աշխատանքը, որ սիրով, ճաշակով եւ պատասխանատուութեամբ կը համադրէ շաբաթաթերթի ամբողջ բովանդակութիւնը։ Նոյնքան գնահատելի են մեր սիրելի հոգեւոր հովիւ՝ Արժանապատիւ Տէր Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեանի եւ գերապատիւ Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանի հոգեշունչ յօդուածներն ու մեկնաբանութիւնները, որոնք Սուրբ Գրքի եւ եկեղեցական աւանդութեան լոյսով կը լուսաւորեն մեր առօրեան եւ կը զօրացնեն մեր հաւատքը։

Մեր խորին գնահատանքն ու երախտագիտութիւնը կը յայտնենք այս սրբազան ծառայութեան բոլոր նուիրեալներուն։ Կը մաղթենք, որ «ԵԿԵՂԵՑԻ» շաբաթաթերթը շարունակէ զարգանալ, հարստանալ եւ դառնալ աւելի լայնօրէն ընթերցուած՝ ներգրաւելով նաեւ մեր երիտասարդ սերունդը, որպէսզի անիկա շարունակէ մնալ հաւատքի, գիտելիքի, ազգային ինքնութեան եւ համայնքային հաղորդակցութեան կենսատու աղբիւր մը։

Թող Ամենակալ մեր Աստուածը առատապէս օրհնէ այս օգտաշատ առաքելութիւնը, զօրացնէ անոր բոլոր աշխատակիցները եւ արժանացնէ զիրենք նորանոր յաջողութիւններու՝ ի փառս Աստուծոյ, ի պայծառութիւն մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ ի բարօրութիւն մեր համայնքին, Հայրենիքին, Սփիւռքին եւ գերեվարուած Արցախ հայաշխարհին։

Ջերմագին զգացումներով՝

Յակոբ Ճանպազեան

1 Օգոստոս 2026

Թորոնթօ