
Շաբաթ, 12 Սեպտեմբեր 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան նախագահեց Կիրակամուտքի ժամերգութեան, որուն ընթացքին տեղի ունեցան Խաչվերացի տօնի նախատօնակը եւ մատաղի պատրաստութեան՝ աղի օրհնութիւնը։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր աղօթակից էին Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերպ. Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեանը, Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանը եւ Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժն. Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեանը։

Ժամերգութեան աւարտին, թափօր կազմած՝ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, եկեղեցականաց դասն ու սարկաւագները ուղղուեցան դէպի Հայ Կեդրոնի շրջափակը, ուր կատարուեցան Անդաստանի արարողութիւնն ու աղի օրհնութիւնը։
Արարողութեան աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր հայրական խօսքը ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն եւ իր գնահատանքը յայտնեց բոլոր ուխտաւորներուն, որոնք զանազան շրջաններէ ժամանած էին մասնակցելու Խաչվերացի տօնակատարութեանց՝ Գէմպրիճէն, Թորոնթոյէն, Մոնթրէալէն, Լաւալէն, Սէյնթ Գաթրինզէն, Վանգուվըրէն եւ Պոսթոնէն։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ


