
Ս. Աստուածածին Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի «Յիսուսի Փոքրիկները» ծրագիրը ուրախ մթնոլորտի մէջ նշեց իր ծրագիրին առաջին տարեդարձը՝ փոքրիկներու, ծնողներու եւ կամաւորներու ներկայութեամբ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տիկին Աննա Սղման-Թուլումճեան, որ ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ ծրագրի մէկ տարուան գործունէութեան։
Ան նշեց, որ ծրագիրը սկիզբ առած էր պարզ, բայց էական նպատակով՝ ստեղծելու սիրալիր եւ ուրախ միջավայր մը, ուր փոքրիկները միասին հաւաքուելով՝ լսեն Սուրբ Գրային պատմութիւններ, սորվին Յիսուսի սիրոյն մասին եւ մանկութենէն աճին քրիստոնէական հաւատքին մէջ։

Ան յիշեց, թէ «Յիսուսի Փոքրիկները» արդէն 26 հանդիպումներ ունեցած է, որոնք փոքրիկներուն համար դարձած են Սուրբ Գրային պատմութիւններու, երգերու, խաղերու, ստեղծագործ աշխատանքներու, զրոյցներու եւ ընկերային հաղորդակցութեան առիթներ։
Իր խօսքին մէջ Տիկին Աննա յատկապէս ընդգծեց, որ երեխաներէն շատերը ծրագրին մասնակցած են առաջին իսկ օրէն, եւ մէկ տարուան ընթացքին կարելի եղած է տեսնել ոչ միայն անոնց ֆիզիքական աճը, այլեւ այն մտերմութիւնը, վստահութիւնն ու հարազատութեան զգացումը, որ ձեւաւորուած է իրենց, իրենց ընկերներուն եւ եկեղեցական միջավայրին հանդէպ։
Ան շեշտեց, որ ծրագրի գլխաւոր նպատակներէն մէկն է փոքրիկներուն մէջ այն գիտակցութիւնը արմատացնել, թէ եկեղեցին իրենց հոգեւոր տունն է՝ վայր մը, ուր իրենք սիրուած, ընդունուած եւ Աստուծոյ սիրոյն հաղորդակից կը զգան։

Այս առիթով երախտագիտութեամբ յիշուեց այն անձերը, որոնք իրենց ժամանակը, կարողութիւններն ու սէրը ի սպաս դրած են ծրագրի իրականացման եւ շարունակականութեան։
Ան Քրիստոնէական Յանձնախումբին անունով, շնորհակալութիւն յայտնեց Տիկին Հուրինա Պէրպէրեան-Վերտանեանի, Տիար Գրիգիր Արթինեանի, Տիկին Լուսի Ապատճեան-Չափարաթոյեանի, Տիկին Լարա Էլէյճեան-Սուսանի եւ Նարօտ Պէրպէրեան՝ ծրագրին իրենց բերած աջակցութեան, ստեղծագործ մասնակցութեան եւ նուիրեալ ծառայութեան համար։

Իր խօսքին մէջ Տիկին Աննա նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ծնողներուն, որոնք շաբաթ առ շաբաթ իրենց զաւակները կը բերեն ծրագրին եւ իրենց վստահութեամբ ու աջակցութեամբ կը քաջալերեն այս ծառայութիւնը։
Ան նաեւ, երախտագիտութեան խօսք ուղղեց եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանին՝ ծրագրին հանդէպ իր շարունակական աջակցութեան, հայրական հոգատարութեան եւ մանուկներուն նկատմամբ ցուցաբերած ջերմ ու սիրալիր վերաբերմունքին համար։

Այնուհետեւ խօսք առաւ Գերպ. Հայր Սուրբը, որ շնորհաւորեց «Յիսուսի Փոքրիկները» ծրագրի առաջին տարեդարձը եւ իր գնահատանքը յայտնեց ծրագրի բոլոր պատասխանատուներուն, կամաւորներուն եւ ծնողներուն։ Ան ընդգծեց մանուկներու հոգեւոր դաստիարակութեան առանձնայատուկ կարեւորութիւնը՝ շեշտելով, որ մանկութեան տարիներուն սերմանուած հաւատքը, աղօթքը եւ եկեղեցւոյ հանդէպ սէրը կրնան մարդուն ամբողջ կեանքի ընթացքին ուղեկից դառնալ։
Այս առիթով Գերպ. Հայր Սուրբը շնորհակալագիրներ յանձնեց ծրագրի կամաւոր աշխատակազմի անդամներուն՝ առ ի գնահատանք առաջին տարուան ընթացքին իրենց ցուցաբերած նուիրումին, սիրոյն եւ ծառայութեան։
Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ տեսերիզ մը, որ կ՚ամփոփէր ծրագրի առաջին տարուան հանդիպումներէն, գործունէութիւններէն եւ գեղեցիկ պահերէն ընտրանի մը։
Օրուան ուրախութիւնը շարունակուեցաւ փոքրիկներուն համար պատրաստուած յատուկ գործունէութեամբ։ Hamov Hay Cake-ի ազնիւ նուիրատուութեամբ երեխաները առիթ ունեցան զարդարելու իրենց cupcake-երը եւ միասին վայելելու տարեդարձի ուրախ մթնոլորտը։