Շաբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2026-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ «Յիսուսի Փոքրիկները» հերթական իրենց հաւաքին ընթացքին ծանօթացան Վարագայ Սուրբ Խաչի տօնին։
Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Յանձնախումբի ատենապետ՝ Տիկ. Աննա Սղման Թուլումճեան փոքրիկներուն պատմեց Վարագայ Սուրբ Խաչի պատմութիւնը՝ անոնց մատչելի լեզուով բացատրելով Սուրբ Խաչին նշանակութիւնը եւ անոր հանդէպ մեր ժողովուրդին ունեցած խոր հաւատքն ու սէրը։
Պատմութենէն ետք, փոքրիկները մասնակցեցան ձեռային աշխատանքի։
Թող Սուրբ Խաչը միշտ լուսաւորէ մեր փոքրիկներուն կեանքի ճանապարհը եւ զանոնք առաջնորդէ Քրիստոսի սիրով ու օրհնութեամբ։
Բոլորին կը սպասենք «Յիսուսի Փոքրիկներ»ու յաջորդ հանդիպումին՝ 10 Հոկտեմբեր 2026-ին, ժամը 10։00-ին։



