ՅԻՇԱՏԱԿ՝ ՄԵԾՆ  ՆԵՐՍԷՍ  ՊԱՐԹԵՒ  ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ  ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻ  ՊԱՀՈՑ

Պօղոս Առաքեալի Նամակէն (Հռ 6.12-23):

«Մեղքը ձեր վրայ պէտք չէ իշխէ, քանի դուք օրէնքին ենթակայ չէք, այլ՝ շնորհքին»:

Առաքելական նամակի տուեալ համարին ուղիղ հասկացողութիւնը կ’օժանդակէ մեզի հասկնալու մեղքին տեղն ու դերը, Օրէնքին իմաստն ու նպատակը եւ Աստուծոյ սէրը, որ շնորհք կը կոչուի:

Մեղքը կրնայ հասնիլ մինչեւ մեր դրան մօտ, եթէ թոյլ տանք անոր, գրգռենք ու արթնցնենք զայն, կը մտնէ եւ անխնայօրէն կը կործանէ մեզ: Մեղքին գոյութիւնը կը բացատրուի մեր յարաբերաբար անոր ծառայութեան դերակատարութեամբ: Եթէ Տիրոջ օրինակով վտարենք չարը, անպայման որ կը հեռանայ մեզմէ: Հակառակ պարագային՝ մեղքը եւ իր պատճառած դառնութիւնն ու խոցոտումները կը դառնան յաւիտենական ճամբորդակիցները յաւիտենական տանջանքի հետեւորդներուն:

Եթէ մէկը յուսալքուած է ու դէպի Տէրը վերադարձի ճամբայ չի գտներ, իր մտահոգութիւնը թող Աստուծոյ ձգէ, որ հայրաբար կ’ըսէ. «Եթէ ձեր մեղքերը կրկնակի կարմիրի պէս են, ձիւնի պէս պիտի ճերմկնան եւ եթէ որդան կարմիրի նման են, սարի պէս ճերմակ պիտի ըլլան: Եթէ դուք յօժարիք ու հնազանդիք» (Ես 1.18-19):

Օրէնք կը նշանակէ սահմանուած կարգ՝ կանոն, հաւատք, աւանդութիւն եւ պատուիրան:

Օրէնքին ենթակայութիւնը մեղքի իշխանութեան կ’առաջնորդէ, իսկ մեղքը՝ դէպի մահ: Քրիստոսի ենթակայութիւնը՝ այն դիւրաւ տանելի լուծը եւ թեթեւ բեռը կրելն է, որ կը տանի յաւիտենական խաղաղ նաւահանգիստ:

Օրէնքը մեզի կը յայտնէ մեր մեղքերուն արժանի դատապարտութիւնը, իսկ շնորհքը կը յայտնէ Քրիստոսի արիւնով մեր մեղքերուն սրբուիլը:

Օրէնքը որպէս մեր խնամակալ դաստիարակը մեզ դէպի Աստուած կ’առաջնորդէ, սակայն Քրիստոսի շնորհքն է որ մեզ պիտի արդարացնէ Աստուծոյ առջեւ եւ ոչ թէ Օրէնքին գործադրութիւնը, որովհետեւ անխաբան մեղաւոր ենք Օրէնքին նկատմամբ:

Քրիստոսի առաջին գալուստով, Օրէնքը վախճանեցաւ կ’ըսէ առաքեալը.« (Հռ 10.4) իսկ շնորհքը՝ կենդանացաւ. (Յհ 1.7):

Օրէնքը կը պատուիրէ սիրել զԱստուած (Մր 12.30), մինչդեռ Քրիստոսի շնորհքը՝ սէրը մեզ սիրել կու տայ զԱստուած: Որքան որ տարբերութիւն կայ շուքին եւ իրականութեան միջեւ, այնքան ալ՝ Օրէնքին  եւ շնորհքին:

Օրէնքը սուրբ, մաքուր եւ արդար է, սակայն չի կրնար սրբացնել, մաքրել եւ արդարացնել, որովհետեւ ինք չէ փրկութեան պատճառը, այլ՝ Քրիստոսի շնորհքը եւ Անոր թափած արիւնը, այլ խօսքով՝ Քրիստոս. (Հռ 5.9)

Հետեւաբար, վստահինք մեզ ազատագրողին եւ միակ Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսին, որուն առանց տեսնելու կոչուած ենք սիրելու, հաւատալու եւ ուրախանալու փրկութեան մեր ընթացքին մէջ: «Որքա՜ն մեծ է Իր շնորհքը» (Եփ 1.7):

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան