Բջիջային հեռաձայնը այսօր դարձած է մարդը նորաձեւ ու տպաւորիչ ներկայացնող իրերէն մէկը։ Քիչեր հեռաձայն մը կ’ընտրեն միայն զանգելու համար։ Մեզմէ շատերը աւելի կը գրաւուին անոր արտաքին տեսքով, բազմազան յատկութիւններով կամ անունով։
Ուզենք թէ չուզենք, մեր հեռաձայնը բան մը կ’ըսէ մեր մասին՝ մեր ճաշակին, ոճին կամ նիւթական կարելիութիւններուն մասին։ Ան նոյնիսկ դարձած է այն չափանիշներէն մէկը, որոնցմով կ’ուզենք ուրիշին տպաւորիչ թուիլ։
Ցաւօք, մարդիկ չեն անդրադառնար, թէ նորաձեւ երեւալու մրցավազքը երբեք չի վերջանար, եւ անոր մէջ վերջնական յաղթանակ չկայ։ Երբեք չես հասնիր այն պահուն, երբ կրնաս հանգիստ նստիլ ու ըսել. «Ա՛լ հասայ, այլեւս ջանք ընելու պէտք չունիմ»։ Նորաձեւութիւնը շարունակ կը փոխուի, արհեստագիտութիւնը նորութիւններ կը բերէ, եւ այն, ինչ այսօր նորագոյնն է, վաղը արդէն հինցած կը թուի։ Այսպէս, միշտ քայլ պահելու ճիգը կը վերածուի անվերջ վազքի։
ՆՈՐԱՁԵՒ ԸԼԼԱԼԷՆ ԱՒԵԼԻ ԼԱՒ ԲԱՆ ԿԱ՞Յ

Յիսուս մեզի կ’առաջարկէ աւելի լաւ ճանապարհ մը, քան այս անվերջ մրցավազքը։ Ան կ’ըսէ. «Մի՛ մտահոգուիք եւ ըսէք. «ի՞նչ պիտի ուտենք, ի՞նչ պիտի խմենք կամ ի՞նչ պիտի հագնինք»։ Այդ մտահոգութիւնները հեթանոսներուն յատուկ են։ Որովհետեւ ձեր երկնաւոր Հայրը գիտէ արդէն թէ այդ բոլորին պէտք ունիք։ Դուք նախ խնդրեցէք որ Աստուծոյ արքայութիւնը գայ եւ աշխատեցէք իր կամքը կատարել, եւ Աստուած այդ բոլորը աւելիով պիտի տայ ձեզի» (Մտ 6.31-33)։
Յիսուս մեզի կը սորվեցնէ մեր կեանքը չսպառել նիւթականին մասին մտահոգուելով, այլ մեր ուժերը նուիրել աւելի մեծ նպատակի մը՝ Աստուծոյ արքայութեան։ Ան մեզ կը կանչէ Իր կամքը առաջին տեղը դնելու եւ Իր սիրոյն վկաները դառնալու՝ օգնելով կարիքաւորին, արդարութեան համար աշխատելով եւ խաղաղութիւն սերմանելով մեր շուրջ։
Միայն մէկ կեանք ունինք։ Կ’արժէ՞ զայն սպառել ուրիշներուն աչքին տպաւորիչ երեւալու համար, երբ կրնանք ապրիլ Աստուծոյ հաճելի կեանք մը։ Յաճախ կը մտահոգուինք, թէ մարդիկ ի՞նչ կը մտածեն մեր մասին։ Բայց որքա՞ն յաճախ մենք մեզի կը հարցնենք. «Արդեօք իմ ապրելակերպս Աստուծոյ կամքին համահո՞ւնչ է»։
Վերջապէս, այս յօդուածը չի յորդորեր հրաժարիլ կեանքի ընձեռած բարիքներէն կամ չօգտուիլ նորութիւններէն։ Ան կը հրաւիրէ մեզ չգերուիլ անոնց փայլով, դուրս գալ նորաձեւ երեւալու անվերջ մրցավազքէն եւ ամէն բանէ առաջ փնտռել Աստուծոյ արքայութիւնը՝ մեր մասնակցութիւնը բերելով Անոր գործին այս աշխարհի մէջ։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան