Կիրակի 26 Յունուար 2025-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Սարկաւագներէն՝ Բրշ. Կարօ Սրկ. Սարգիսեան, Բրշ. Տարօն Սրկ. Հալլաճեան եւ Բրշ. Մանօ Սրկ. Ճենանեան, որպէս եկեղեցւոյս ներկայացուցիչներ, իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայ Կեդրոնէն ներս Համազգայինի Թորոնթոյի Գլաձոր մասնաճիւղի կազմակերպած միջ-միութենական ինքնազարգացման հարց-պատասխանի մրցումին։ Աւարտին, բարեշնորհ սարկաւագները տիրացան առաջնութեան մրցանքին։
Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւներն ու Հոգաբարձութիւնը սրտանց կը շնորհաւորեն Բարեշնորհ Սարկաւագ եղբայրները։