Նկարի մը շատ մօտենալով՝ կրնանք տեսնել անոր ամենափոքր մանրամասնութիւնները, բայց կորսնցնել ամբողջ պատկերը։ Քիչ մը հեռանալով՝ գոյներն ու գիծերը իրենց տեղը կը գտնեն, եւ նկարը նոր իմաստ կը ստանայ։ Աստուածաշունչի ընթերցումն ալ այսպիսի ուշադրութիւն կը պահանջէ։ Առանձին նախադասութիւն մը աւելի ճիշդ կը հասկնանք, երբ զայն կը կարդանք ամբողջ հատուածին լոյսին տակ։
Այսպէս է նաեւ Յիսուսի՝ որթատունկին եւ ճիւղերուն մասին խօսքը։ Չորցող եւ կրակին նետուող ճիւղերուն պատկերը կրնայ վախ արթնցնել։ Սակայն եթէ միայն այդ պատկերին վրայ կանգ առնենք, կրնանք չլսել ամբողջ խօսքին սրտաբուխ հրաւէրը։ Քրիստոս Իր աշակերտներուն հետ կը խօսի կեանքի, սիրոյ եւ պտղաբերութեան մասին՝ ցանկալով, որ Իր ուրախութիւնը անոնց մէջ ըլլայ, եւ անոնց ուրախութիւնը՝ ամբողջական (Յհ 15.11)։
«Ես եմ որթատունկը, իսկ դուք՝ ճիւղերը», կ’ըսէ Յիսուս (Յհ 15.5)։ Պարզ, բայց խորունկ պատկեր մըն է այս։ Ճիւղը իր մէջ անկախ կեանքի աղբիւր չունի։ Ան կ’աճի, կը կանաչնայ եւ պտուղ կու տայ, որովհետեւ միացած է որթատունկին։ Նոյնպէս քրիստոնէական կեանքը միայն բարոյական սկզբունքներու հետեւիլ կամ կրօնական սովորութիւններ պահպանել չէ։ Ան նախ եւ առաջ Քրիստոսի հետ կենդանի հաղորդակցութիւն է. Քրիստոսի միացած մնալն է։
Կրնանք շատ բան գիտնալ հաւատքին մասին եւ, այդուհանդերձ, քիչ տեղ տալ Քրիստոսի մեր առօրեային մէջ։ Կրնանք գիտնալ աղօթքներուն բառերը՝ առանց մեր սիրտը Աստուծոյ բանալու։ Կրնանք եկեղեցական կեանքին մասնակցիլ՝ առանց թոյլ տալու, որ Աւետարանը փոխէ մեր վերաբերմունքը տան, աշխատանքի կամ մարդոց հետ մեր յարաբերութիւններու մէջ։ Արտաքին մօտիկութիւն, միշտ ներքին հաղորդակցութիւն չի նշանակեր։

Ահա թէ ինչու Յիսուս կ’ըսէ. «Ինծի միացած մնացէք եւ ես ձեզի միացած պիտի մնամ» (Յհ 15.4)։ «Մնալ»ը հոս հաւատարմութիւն, վստահութիւն եւ յարատեւ հաղորդակցութիւն է։ Ինչպէս բարեկամութիւնը մէկ հանդիպումով չի կատարելագործուիր, նոյնպէս հաւատքն ալ անցեալին կատարուած որոշում մը չէ միայն։ Ան ամէն օր նորոգուող պատասխան է Աստուծոյ սիրոյն։
Քրիստոսի մէջ մնալու համար արտասովոր զգացումներ ունենալու պէտք չունինք։ Կան օրեր, երբ աղօթքը դիւրաւ կը բխի մեր սրտէն, եւ օրեր, երբ բառերը դժուար կը գտնենք։ Կան պահեր, երբ Աստուծոյ ներկայութիւնը մօտ կը զգանք, եւ պահեր՝ ոչ։ Հաւատարմութիւնը այդ փոփոխութիւններէն անդին Տիրոջ կապուած մնալն է։
Այս կապը կը սնանի աղօթքով, Աստուածաշունչի ընթերցումով, եկեղեցւոյ արարողութիւններով եւ Սուրբ Հաղորդութեան մասնակցութեամբ։ Սակայն անոր իսկութիւնը նաեւ մեր ապրած կեանքով կը բացայայտուի։ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութիւնը մեզ աւելի ուշադիր կը դարձնէ ուրիշին ցաւին հանդէպ, աւելի պատրաստ՝ ներողութիւն խնդրելու, եւ աւելի քաջ՝ ճշմարտութիւնը սիրով ըսելու։
Եւ ան որ Յիսուսին՝ որթատունկին միացած կը մնայ, պտուղ կու տայ, որովհետեւ Անկէ կ’ընդունի իր կեանքն ու զօրութիւնը։ «Առանց ինծի դուք ոչինչ կրնաք ընել», կ’ըսէ Տէրը (Յհ 15.5)։ Ուստի կեանքին մէջ ամենէն վտանգաւոր բանը մեր տկարութիւնները չեն, այլ ինքնաբաւութիւնը, որով կը կարծենք, թէ կրնանք առանձին յառաջանալ՝ առանց Անոր սիրոյն ապաւինելու եւ Անոր խօսքով առաջնորդուելու։
Իսկ ինչպէս ծարաւ մարդուն համար ջուր խմելը բեռ չէ, նոյնպէս Տիրոջ սիրոյն մէջ ապրիլը ծանր պարտականութիւն մը չէ։ Անոր պատուիրանները մեզ կը հրաւիրեն մասնակցելու այն կեանքին, զոր Հայրն ու Որդին սիրով կը բաժնեն մեզի հետ։
Հետեւեալ պատկերն ալ կ’օգնէ բացատրել ըսածս։ Երբ անձ մը ամուսնութեան առաջարկ կ’ընէ մէկու մը, ան միայն օրուան մը կամ տարուան մը համար միասին ըլլալու հրաւէր չ’ուղղեր։ Ան կ’առաջարկէ կեանքը միասին ապրիլ՝ ամէն օր իրարու ներկայութիւնը ընդունելով։ Այդ առաջարկը յանձնառութիւն է, որ փոխադարձ սէր եւ հաւատարմութիւն կ’ակնկալէ։
Այսպէս ալ Յիսուսի՝ «Ինծի միացած մնացէք» հրաւէրը կը տարածուի մեր ամբողջ կեանքին վրայ։ Ան մեզ կը կանչէ շարունակ ընդունելու Իր սէրը եւ սիրով պատասխանելու Իրեն։
Մնանք Անոր միացած, որպէսզի մեր կեանքն ալ այդ սիրոյն պտուղը բերէ։
Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան