Հ.Օ.Մ.-Ի ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ԱՄԷՆՕՐԵԱՅ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 48-ՐԴ ՎԵՐԱՄՈՒՏ

Երեքշաբթի, 15 Սեպտեմբեր 2026-ին, Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Օ.Մ.-ի Թորոնթոյի Ամէնօրեայ Վարժարանի 48-րդ վերամուտի պաշտօնական արարողութիւնը՝ մասնակցութեամբ դպրոցի 718 աշակերտներուն, տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին եւ Կրթական Մարմինին, ներկայութեամբ՝ թորոնթոհայ եկեղեցիներու հոգեւորականներուն, ազգային ու միութենական մարմիններու։

Բացման խօսքը արտասանեց վարժարանի տնօրէն Պրն. Րաֆֆի Սարգիսեան, որ ողջունեց ներկաները եւ պաշտօնապէս բացուած յայտարարեց 2026–2027 ուսումնական տարեշրջանը։ Ան ընդգծեց հայ վարժարանին դերը ազգային ինքնութեան պահպանման մէջ՝ առանձնաբար անդրադառնալով «Նարեկ» Հայ Կրթական եւ Մշակութային Կեդրոնին, որ վարժարանի 7-րդէն 12-րդ կարգերու աշակերտներուն նոր կրթական օճախը դաձաւ։

Ապա խօսք առաւ Կրթական Մարմինի ատենապետ Պրն. Վազրիկ Շարապխանեան, որ անդրադարձաւ վարժարանի շարունակական վերելքին եւ արժեւորեց անոր կրթական ու ազգային առաքելութեան ծառայող բոլոր նուիրեալներուն աշխատանքը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բարերարներուն, եկեղեցւոյ եւ ազգային ու միութենական մարմիններուն՝ իրենց մշտական աջակցութեան համար։

Այնուհետեւ իր պատգամը ուղղեց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան։ Հայր Սուրբը, նաեւ ներկայ հոգեւորականներուն՝ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Տ. Տաթեւ Աւագ Քհնյ. Միքայէլեանի, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Տէր Հայկ Քհնյ. Շահինեանի, եւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Վերպ. Զօհրապ Սարգիսեանի անունով, բարի գալուստ մաղթեց աշակերտներուն եւ կրթական մշակներուն՝ բոլորին ցանկալով բարեյաջող, արդիւնաւէտ եւ Աստուծոյ օրհնութեամբ լեցուն ուսումնական տարի մը։

Ապա, տեղի ունեցաւ Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ կողմէ վարժարանին նուիրուած հայկական խաչերու օրհնութիւնը, որոնք պատրաստուած էին դպրոցի դասարաններու դռներուն վրայ զետեղուելու համար։ Այդ առիթով Հայր Սուրբը շեշտեց, որ դասարաններու մուտքերուն տեղադրուող խաչերը աշակերտներուն ամէնօրեայ յիշեցումը պիտի ըլլան իրենց քրիստոնէական հաւատքին, իսկ իրենց հայկական ուրոյն ձեւով՝ իրենց ազգային ինքնութեան։

Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ հոգեւորականաց դասը եւ Հոգաբարձութիւնը վարժարանի տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին ու սիրելի աշակերտութեան կը մաղթեն խաղաղ եւ յաջող կրթական նոր ձեռքբերումներով հարուստ տարի մը։