ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏԷՆ ԵՏՔ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՐԱԿԻ ՅԻՇԱՏԱԿ  ԵՂԻԱՅԻ  ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ

Յակոբոս Առաքեալի Ընդհանրական Նամակէն

Ձեր մեղքերը իրարու խոստովանեցէք եւ իրարու համար աղօթեցէք, որպէսզի բժշկուիք. որովհետեւ  արդարի մը աղօթքը ազդեցիկ է եւ մեծապէս կ’օգնէ: Եղիա մեզի նման կիրքերու ենթակայ մարդ էր. բայց երբ աղօթեց որ անձրեւ չգայ, երեքուկէս տարի չանձրեւեց երկրի վրայ: Ապա դարձեալ աղօթեց եւ երկինքը անձրեւ տեղաց ու երկիրը իր բերքը տուաւ:

Եղբայրներս, երբ ձեզմէ ոեւէ մէկը ճշմարտութեան ուղիէն մոլորի եւ ուրիշ մը յաջողի զայն վերադարձնել, գիտցէք թէ մեղաւորը իր մոլար ճամբէն դարձնողը թէ՛ անոր հոգին մահուընէ կը փրկէ եւ թէ՛ իր բազմաթիւ մեղքերուն թողութիւն կը գտնէ: (Յկ 5.16-20):

Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի խոստովանութեան մասին այսպէս կը գրէ. 

«Նախ յստակ է, որ խոստովանութիւնը անհրաժեշտ է, ինչպէս մկրտութիւնը: Եւ որովհետեւ նախ մկրտութիւնն է, եւ ապա բոլոր մնացած խորհուրդները, նոյնպէս ալ նախ խոստովանութիւնն է, եւ ապա մնացածները՝ ապաշխարութիւն, պահք, աղօթք, եւ այլն: Տակաւին, վարդապետները կ՚ըսեն, թէ խոստովանութիւնը պահած մեղքը թողութեան յոյսով յայտնելն է, որովհետեւ խոստովանութեան նիւթը մեղքն է, գործը՝ խօսքով յայտնելը, իսկ վախճանը՝ թողութեան յոյսը: Այսպիսիով, խոստովանութիւնը երկու մաս է: Մէկը՝ մտաւոր, եւ ասիկա Աստուծոյ դիմաց կ՚ըլլայ, քանի որ միշտ եւ հանապազ պէտք է իր միտքին մէջ իր սեփական մեղքերը Աստուծոյ դիմաց դնել: Իսկ միւսը՝ բանաւոր է, եւ ասիկա պէտք է քահանային յայտնել»:

Սուրբ Յովհաննէս Երզնկացի կը գրէ.

«Իրարու աղօթել եւ օգնել, իրարու պէտքերուն հասնիլ մարդկային անհրաժեշտութիւն մը, եւ պահանջք մըն է։ Եթէ քրիստոնեաներ ուզէին հաւաքուիլ՝ իրարու հետ խօսակցելու եւ խորհրդակցելու համար Աստուծոյ սիրոյն եւ փրկութեան թանկագին ճշմարտութիւններու մասին, իրենց սրտերը պիտի կազդուրուէին, եւ պիտի զօրացնէին զիրար։

Մարդ կրնայ ամէն օր աւելի՛ բան սորվիլ իր երկնաւոր Հօրը մասին, նորանոր փորձառութիւններ ձեռք բերելով Իր շնորհքին նկատմամբ. այն ատեն պիտի փափաքի Անոր սիրոյն մասին խօսիլ, մտածել եւ խորհրդածել, եւ երբ ընէ այդ, իր սիրտը պիտի հրահրուի եւ քաջալերուի»։

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան