Զատկուան երրորդ Կիրակին կը կոչուի Կարմիր Կիրակի:
Հայերու մօտ սովորութիւն դարձած էր այս օրը իրենց տան թոնիրները կարմրագոյն դալար ոստերով զարդարել եւ կարմիր զգեստներ հագնիլ ու եկեղեցի երթալ: Եկեղեցւոյ վարագոյրը, պատարագիչ եկեղեցականին զգեստը, ինչպէս նաեւ դպիրներուն շապիկները այդ օրուան համաձայն կարմիր կ’ըլլային:
Կարմիր Կիրակիին մէջ կարելի է այլաբանական իմաստով մը, նմանութիւն տեսնել, Քրիստոսի արիւնով ծաղկած կիրակին եւ հիմնուած եկեղեցին: Այս առնչութեամբ Բաբգէն Աթոռակից Կաթողիկոս, օրուան խորհուրդը մեկնաբանելով եւ Կարմիր Կիրակիի նուիրուած տաղ մը կը մէջբերէ, որ նմանութիւն կայ Կարմիր Կիրակիի եւ Քրիստոսի թափած արեան միջեւ.
«Կարմիր անուանի, օրն այս նազելի. Զի Տէրն երեւի, որպէս Զատկի. Օրն Կիրակի, եւ այն զի կոչի. Կարմիր Կիրակի, եւ յոյժ պատշաճի. Զի արեամբ ծաղիկի»: (Քրիստոնէական էջ, 244)
Ոմանք Կարմիր Կիրակին նուիրուած կը տեսնեն Յիսուսի աշակերտներուն յայտնուելուն, Պետրոսի ուրացումին եւ ներում ստանալուն: Կարմիր Կիրակիին սովորութիւն դարձած էր երթալ բացօթեայ վայրեր եւ նոր ծաղկած բնութիւնը վայելել: Անկասկած, գարնանային եղանակի եւ արգասաւորութեան իմաստը կայ Կարմիր Կիրակիի տօնակատարութեան մէջ, որ հաւանաբար կապ ունի նաեւ բնութեան պաշտամունքին եւ երկնքի պայծառացումին հետ: Սովորութիւն էր նաեւ Ս. Պսակի արարողութեան ընթացքին կանաչ եւ կարմիր թաշկինակ կապել նորապսակ զոյգի պարանոցին, որպէս խորհրդանիշ արգասաւորութեան: Կարմիր Կիրակիի այս գեղեցիկ սովորութիւնները այժմ մոռացուած են. լաւ կ’ըլլայ, որ վերակենդանանան հայեցի տոհմիկ սովորութիւնները:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան