Ս. Յարութեան տօնէն ետք երկրորդ կիրակին կը կոչուի«Կանաչ» կամ «Աշխար-համատրան» կիրակի: Կանաչ կոչումը հաւանաբար բնութեան գարնանային եղանակին նուիրուած անուն մըն է: Բնութեան մէջ ծաղկող եւ ծլարձակող կեանքին, որ թարմութիւն եւ կենդանութիւն կը ներշնչէ աշխարհին: Աշխարհամատուռն ալ (առաջին եկեղեցին) է, որպէս Քրիստոսի ցանած սերմի առաջին կանաչ ծիլը, ծաղկեցաւ եւ աճեցաւ, իր մէջ համախմբելով համայն մարդկութիւնը:
«Աշխարհամատրան Կիրակի» կոչումը կազմուած է (աշխարհ եւ մատուռ) բառերէ որ կը նշանակէ առաջին մատուռը, որ հիմնուեցաւ վերնատան մէջ: Այս այն վերնատունն է, ուր մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս իր վերջին ընթրիքը կատարեց, ապա Ս. Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատեց, ինչպէս նաեւ իր աշակերտներուն ոտքերը լուաց: Յիսուսի Համբարձումէն ետք, առաքեալները Ս. Կոյս Մարիամի հետ միասին, կը հաւաքուէին Սիոնի բարձունքին, վերնատան մէջ եւ կը կատարէին իրենց Վարդապետին վերջին ընթրիքին տուած պատգամը. «Ասիկա իմ մարմինս է, որ ձեզի համար կը բաշխուի:
Ասիկա կատարեցէք զիս յիշելու համար» (Ա.Կր 11.24): Անոնք կ’օրհնէին հացն ու գինին, ապա միասնաբար աղօթելէ ետք կը ճաշէին: Հաւաքական կեանք կ’ապրէին եւ անհատական սեփականութեան գաղափարը գոյութիւն չունէր: Յետագային, անոնց օրինակով, առաջին դարերու քրիստոնեաները հասարակաց սեղանին շուրջ համախմբուելով միասնաբար կը ճաշէին, եւ այդ ճաշը կը կոչուէր «սիրոյ ճաշ» (Ագապի): Հայոց մէջ եւս հաւատացեալներ իրենց հետ եկեղեցի կը տանէին (պատարագիք), որ կը նշանակէ՝ հաց, գինի, ուտելիք, Ս. Հաղորդութեան խորհուրդէն ետք բոլորը միասին կը ճաշէին:
Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան