«ԾԻՍԱԿԱՆ ԳԻՏԵԼԻՔՆԵՐ» ՇԱՐՔ

ԳՐԱԿԱԼ

Եկեղեցիէն ներս գրակալը կամ գրքակալը փայտէ շինուած մասնաւոր այս պատուանդանն է, որուն վրայ Աւետարանը կամ ժամագիրքը կը դրուի։

Չորս տեսակ գրակալներ կան.

ա.- Կեդրոնական մեծ գրակալը, որ կը գործածուի Ատեանէն Աւետարանի եւ Ճաշու գիրքերու ընթերցման պահուն։

Այս գրակալը բացուելու եւ գոցուելու յատկութեամբ օժտուած է, եւ միշտ մասնաւոր շապիկով մը ծածկուած կը դրուի ատեան, Ս. Գրային ընթերցումէն անմիջապէս առաջ։ 

Շապիկին երեսի կեդրոնական մասը ասեղնագործուած խաչով մը զարդարուած կ՚ ըլլայ, իսկ վրան՝ ուր Աւետարանը կը դրուի մասնաւոր դաստառակ մը փռուած կ՚ ըլլայ։ 

բ.- Աջակողմեան եւ Ձախակողմեան դասերու գրակալները, որոնց շուրջ հաւաքուած կ՚ ըլլան դպիրպները շարականի երգեցողութիւնը կատարելու համար։

Այս գրակալը հաստատուած կ՚ ըլլայ եռոտանի ոտքերով հասակաչափ սիւնի մը վրայ։ Անոր երկու երեսները թեքուած են դէպի ներս եւ վեր, սուր անկիւն մը կազմելով, եւ այս ձեւով, հնարաւորութիւնը տալով՝ մէկ երեսին շարակնոցը դնելու իսկ միւս երեսին ժամագիրքը։ 

Գրակալը զինք շալկող սիւնին վրայ դառնալու յատկութիւն ունի, առիթ տալով դպիրներուն ՝ անոր երկու կողմերը գործածելու։ 

Դասերուն մէջ դրուած այս գրակալները, կողնակի եռանկիւն փոքր պահարաններ կ՚ ունենան, ուր կը դնեն ծիսական զանազան գիրքեր, ինչպէս տօնացոյց, օրացոյց, եւայլն։ 

գ.- Բեմին եզերքը կը տեսնենք մնայուն երկու փոքր գրակալներ, առաջինը ճիշդ կեդրոնը, որուն վրայ դրուած կ՚ ըլլայ Ատենի ժամագիրքը, իսկ երկրորդը քիչ մը ձախ, որուն վրայ դրուած կ՚ ըլլայ Ատենի Աւետարանը։

դ.- Ս. Պատարագի ընթացքին Խորհրդատետրը դրուած կ՚ ըլլայ Ս. Սեղանի ձախ ծայրին՝ փոքր գրակալի մը վրայ, ուրկէ պատարագիչ քահանան կը կարդայ Ս. Պատարագի աղօթքները։