
Խաչվերացի տօնին առիթով, Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Գէմպրիճի Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ մէջ։
Սուրբ Խորանին սպասարկեցին Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Գերապատիւ Տ. Գեղարդ Ծ. Վրդ. Քիւսպէկեան, Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան եւ Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Նշան Քհնյ. Մանուկեան։

Ներկայ էին նաեւ Ազգային Վարչութեան անդամներ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան, Տիար Կարօ Փոստաճեան եւ Տիար Արմէն Հրեշտակեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Քրիստոսի Խաչի խորհուրդին եւ անոր փրկագործ նշանակութեան՝ ըսելով. «Խաչը նաեւ Եկեղեցւոյ հիմքն է, որովհետեւ առանց զոհողութեան չկայ ճշմարիտ սէր, առանց ներումի՝ հաշտութիւն, առանց խոնարհութեան՝ ծառայութիւն, եւ առանց Խաչի՝ Յարութիւն։ Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի Խաչը կը ներկայացնէ իբրեւ երկինքն ու երկիրը իրարու միացնող կամուրջ, դրախտին դռները բացող եւ երկնային արքայութիւնը ժառանգութիւն պարգեւող նշան։ Մեղքը բաժնեց մարդը Աստուծմէ, իսկ Խաչը վերականգնեց այդ հաղորդակցութիւնը»։
Իր քարոզի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւին ու հոգաբարձութեան աշխատանքը։
Սուրբ Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, հոգեւորականաց դասը, սարկաւագներն ու դպրաց դասի անդամները, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի առաջնորդութեամբ, թափօրով ուղղուեցան դէպի յուշարձան, ուր տեղի ունեցան մատաղի եւ ռեհանի օրհնութիւնը, ինչպէս նաեւ Մուսա Լերան հերոսամարտի յիշատակութիւնը։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ







