ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ՊԱՏԱՐԱԳ

Կիրակի, 13 Սեպտեմբեր 2026-ին, Վերացման Սրբոյ Խաչի տօնին առիթով, հանդիսաւոր Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագեց եւ օրուան պատգամը փոխանցեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, իսկ սարակաւագաց դասին առաջնորդութեամբ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց ներկայ հաւատացեալ ժողովուրդը, նուագակցութեամբ Տիկ. Հիլտա Գանտահարեանի։

Օրուան պատգամէն առաջ տեղի ունեցաւ ռեհանի օրհնութեան արարողութիւնը։ Ապա, իր քարոզին մէջ, Հայր Սուրբը հրաւիրեց հաւատացեալները: Օրուայ պատգամէն առաջ, տեղի ունեցաւ Ռեհանի օրհնութեան արարողութիւնը։ Որմէ ետք, իր քարոզին մէջ Հայր Սուրբը հրաւիրեց հաւատացեալները նորոգ ուշադրութեամբ եւ երկիւղածութեամբ մօտենալու Սուրբ Խաչի փրկարար խորհուրդին։

Անդրադառնալով անապատին մէջ Իսրայէլի ժողովուրդին տրուած մանանային՝ ան յիշեցուց, թէ ինչպէս Աստուծոյ ամենօրեայ պարգեւը ժամանակի ընթացքին սովորական դարձաւ Իսրայէլի համար՝ տեղի տալով դժգոհութեան, նոյնպէս, քրիստոնեաներն ալ կրնան այնքան վարժուիլ Խաչի ներկայութեան, որ մոռնան անոր ընդմէջէն յայտնուած աստուածային սիրոյն մեծութիւնը։

Հայր Սուրբը շեշտեց, որ Քրիստոս Խաչին վրայ Իր զօրութիւնը յայտնեց Ինքզինք նուիրաբերելով եւ մինչեւ վերջ սիրելով։ Ուստի, Խաչը քրիստոնեային համար միայն պատուելի նշան մը չէ, այլ՝ ապրելու կերպ մը, որ կ՚արտայայտուի ներողամտութեամբ, ծառայութեամբ, զոհողութեամբ եւ ուրիշին ցաւը բաժնելու պատրաստակամութեամբ։

Ան նաեւ ընդգծեց, որ Խաչը Աստուծոյ ներկայութեան նշանն է մեր կեանքի դժուարութիւններուն մէջ։ Ինչպէս Աստուած Իսրայէլացիները անապատին մէջ առանց հացի չձգեց, նոյնպէս մեզ առանձին չի ձգեր մեր փորձութիւններուն մէջ։ Խաչին նայելով՝ կը տեսնենք Աստուած մը, որ մօտեցաւ մեր ցաւին, եւ սէր մը, որ չնահանջեց նոյնիսկ մահուան առջեւ՝ մեզի պարգեւելով յարութեան յոյսը։

Իր պատգամի աւարտին, Հայր Սուրբը յորդորեց ներկաները Խաչի խորհուրդը ապրիլ իրենց առօրեային մէջ՝ սիրելով, ներելով ու ծառայելով եւ Աստուծոյ վստահելով նաեւ այն ժամանակ, երբ կեանքը իրենց ակնկալած ձեւով չ՚ընթանար: