
Գանատայի մէջ Լիբանանի Հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան Պաշիր Թաուքին (Bachir Tawk) ի պատիւ Օնթարիոյ նահանգի Թորոնթօ տարածաշրջանի մէջ կազմակերպուած պաշտօնական ընդունելութիւն-հանդիպումը տեղի ունեցաւ Շաբաթ 19 Սեպտ. 2026-ի յետմիջօրէին։ Հիւրընկալութեամբ Գանատայի մէջ Լիբանանի Դեսպանատան եւ Թորոնթոյի Համաշխարհային Լիբանանեան Մշակութային Միութեան (WLCU) համատեղ նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած հանդիպման, ներկայ գտնուեցան Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տէր Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան, ընկերակցութեամբ Հայ Կեդրոնի պատասխանատուներուն եւ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ներկայացուցիչներուն:

Այս հանդիպումը նպատակ ուներ մօտէն ծանօթանալու նորընտիր դեսպանին եւ տեղւոյն լիբանանեան համայնքին:
Տիար Դեսպանը՝ առանձին հանդիպում ունեցաւ Հայ Կեդրոնի եւ Ս. Աստուածածին Եկեղեցին ներկայացնող շքախումբին հետ: Անվերապահ համագործակցութեան խոստումներ փոխանակելէ ետք, Տիար Դեսպանին հրաւէր տրուեցաւ այցելելու Հայ կեդրոն, մօտէն ծանօթանալու Լիբանանահայ համայնքին եւ Հայ Կեդրոնի լայնածաւալ կրթական, մշակութային, մարզական, բարեսիրական եւ հոգեւոր ծառայութեան, զոր կը կատարուին:




