ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԵԼԻ Է ԽՕՍԻԼ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՍԻՆ

Աստուծոյ մասին խօսիլը դիւրին չէ. Ան «վեր է քան զամենայն միտս եւ զբանս»։ Ինչքան ալ խոր մտորենք Աստուծոյ մասին, Ան աւելի վեր կը մնայ նոյնիսկ մեր հաւաքական կարողութիւններէն։ Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ, «միշտ ալ մեր խորհածէն եւ իմացածէն աւելին կ’ընէ» (Եփ. 3։20)։

Այս մէկը չի նշանակէր, թէ ոչինչ գիտենք կամ չենք կրնար արտայայտուիլ Աստուծոյ մասին. պարզապէս մեր գիտութիւնը սահմանափակ է, իսկ մեր չգիտցածները՝ աւելի շատ։ Օրինակ, կ’ըսենք «Աստուած սէր է»։ Այս ճշմարտութիւնը որքան ալ կրկնենք, Աստուծոյ սէրը կը մնայ մեր հասկացողութենէն վեր. որովհետեւ անոր լայնքը, երկայնքը ու խորութիւնը անսահման են ինչպէս կը հաստատէ առաքեալը (Եփ 3։18-19)։

Այսպէս, որքան ալ փորձենք հասկնալ Աստուծոյ էութիւնը, չենք կրնար ամբողջութեամբ ըմբռնել զԻնք. որքան ալ սորվինք պիտի յայտնաբերենք, թէ տակաւին անծանօթ է մեզի եւ շատ բան կայ հասկնալու։

Գիտեմ որ այս երեւոյթը միայն Աստուծոյ մասին չէ։ Բոլոր գիտութիւնները, որքան ալ զարգացած ըլլան, մեզի կը մատուցեն միայն սահմանափակ պատկեր մը։ Օրինակ, հոգեբանութիւնը, որ կը փորձէ բացայայտել մարդուն մտային եւ զգայական աշխարհը, տակաւին ամբողջովին չի կրնար ըմբռնել մեր միտքն ու հոգին։ Միւս կողմէ, մանրէաբանութիւնը, որ կը քննէ ամենափոքր կենսաբանական միաւորները, միշտ ալ նոր բացայայտումներ կ’ընէ։

Այսուհանդերձ, բոլորս կը ձգտինք աւելի գիտնալ եւ սորվիլ, մասնակից դառնալ մեզմէ վեր այս գիտութիւններուն։

Նոյն ձեւով, Աւետարանները մեզ կը հրաւիրեն մասնակցելու Աստուծոյ խորհուրդին եւ գիտութեան։ Քրիստոս կը քաջալերէ մեզ հետեւիլ իրեն, չմեղանչել, խմել կեանքի ջուրէն, վերստին ծնիլ եւ հաղորդակից դառնալ Աստուծոյ սիրոյն եւ աւետարանելով հրաւիրել մարդկութիւնը նոյն ուղղութեան։ Քրիստոս անոր համար Պետրոս առաքեալը պայծառակերպութեան կանչեց, Մարիամին համար ըսաւ «լաւը ընտրեց», եւ առաքեալներուն յորդորեց «միացած մնալ իրեն» (Յհ. 15։4-5)։

Յիսուս սորվեցուց, որ Աստուծոյ գիտութիւնը անպայմանօրէն միայն գիտելիքի կամ ջանասիրութեան արդիւնք չէ։ Անիկա յառաջ կու գայ Աստուծոյ հետ կենդանի յարաբերութեան մէջ մտնելով. իսկ երբ մտնենք այդ յարաբերութեան մէջ, մենք աստիճանաբար կը հասկնանք եւ կը խօսինք Աստուծոյ մասին, թէեւ Աստուած կը շարունակէ մնալ խորհրդաւոր եւ անսահման։

Կը հասկնամ, որ այս մտածելակերպը կրնայ բառախաղ կամ հիասթափեցուցիչ թուիլ այն անձերուն, որոնք կ’ուզեն Աստուծոյ մասին պատասխաններ ունենալ կամ զԱստուած ճանչնալ գիտութեամբ։ Անոնց համար, ի՞նչ իմաստ ունի խօսիլ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան մէջ ըլլալու մասին, եթէ Աստուած խորհրդաւոր պիտի մնայ։

Ուրեմն, յաջորդ մեր թիւին մէջ, պիտի կեդրոնանանք այն բաներուն վրայ որոնցմով կարելի պիտի ըլլայ զԱստուած ճանչնալ. որովհետեւ կարելի է ճանչնալ եւ խօսիլ անճանաչելի Աստուծոյն մասին որ Իր Էութիւնը յայտնեց մեզի։

Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան