ԻՆՉՊԷ՞Ս ԿԱՐԴԱԼ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ

Անցնող յօդուածներով տեսանք, որ թէեւ ամբողջովին չենք կրնար հասկնալ Աստուածոյ էութիւնը, սակայն կրնանք ճիշդ բաներ ըսել։ Նշեցինք նաեւ, որ որոշ արտայայտութիւններ աւելի իմաստալից են, քան ուրիշներ, նոյնիսկ երբ բոլորն ալ ճիշդ են։ Օրինակ՝ «Աստուած մեզի հետ է» աւելի խոր ազդեցութիւն ունի, քան՝ «Աստուած անսկիզբ է», մանաւանդ երբ զայն կ’ըսենք մէկու մը, որ դժուարութեան մէջ է։ Ուրեմն, Աստուծոյ մասին մեր արտայայտութիւնները, հարցումներն ու հետազօտութիւնները պէտք է այնպէս ուղղորդուին, որ կրնան փոխել մարդոց կեանքերը։

ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԸ՝ Աստուծոյ մասին մեր ունեցած ամենակարեւոր աղբիւրն է։ Աստուածաշունչը այն «ակնոց»ն է, որով յստակ կը տեսնենք, թէ ո՛վ է Աստուած եւ ի՛նչ է Անոր ծրագիրը։

Առ այդ, կ’ուզեմ երեք մտածումներ բաժնել, որոնք պէտք է ի մտի ունենանք երբ Աստուածաշունչ կարդանք.

  1. Լայնախոհութիւն 

Շատեր կը կարծեն, թէ Աստուածաշունչը պէտք է բառացիօրէն հասկնալ։ Մեր եկեղեցին այդ մօտեցումին դէմ է, որովհետեւ նման մօտեցում մը կը սահմանափակէ Աստուծոյ խօսքը։ Պէտք է ի միտի ունենալ, թէ Աստուածաշունչը բաղկացած է տարբեր գրական ոճերէ, ուղղուած է տարբեր խումբերու եւ գրուած՝ տարբեր պատմական պայմաններու մէջ։

Սակայն, ասիկա չ’ենթադրեր, թէ կարելի է Աստուածաշունչը մեկնաբանել մեր ուզած ձեւով։

Աստուածաշունչը կը պարունակէ բանաստեղծական (օրինակ՝ «Երգ Երգոց»), ուսուցողական (օրինակ՝ «Երկրորդ Օրինաց» եւ Քրիստոսի ուսուցումները), կենսագրական (օրինակ՝ Ա. Թագաւորաց 8-15), առակներ, երգեր, մարգարէութիւններ, խրատներ, եւ նոյնիսկ առասպելական ոճով գրութիւններ, ինչպէս ստեղծագործութեան պատմութիւնը։ Ուստի, չենք կրնար ստեղծագործութեան պատմութիւնը կարդալ այնպէս, ինչպէս որ գիտական յօդուած մը կը կարդանք։

Ամէն գրական ոճ պէտք է ընկալուի իր տրամաբանութեան ու համատեքստին մէջ՝ առանց մէկը միւսէն աւելի կամ նուազ կարեւոր նկատելու։

  1. Բաժնել մեր կարդացածը ուրիշներու հետ

Աստուածաշունչ սերտելը իւրաքանչիւր քրիստոնեայի պարտականութիւնն է, բայց միայն անհատական փորձառութիւն չէ. ան նաեւ համայնքային փորձառութիւն է։ Հետեւաբար, պէտք է մեր ընթերցածը բաժնենք ուրիշներու հետ եւ լսենք անոնց մեկնաբանութիւնները՝ ըլլան անոնք հոգեւորականներ, Աստուածաշունչի մասնագէտներ, կամ պարզ հաւատացեալներ։ Այս փոխանակումը կ’օգնէ մեզի ըմբռնել Աստուծոյ խոր խօսքը։

  1. Քրիստոսակեդրոն ընթերցանութիւն

Աստուածաշունչը կարդալու ընթացքին պէտք է Քրիստոսը ըլլայ մեր ընթերցանութեան կեդրոնը։ Ասիկա չի նշանակէր, թէ ինչ որ կարդանք պէտք է Քրիստոսի վերագրել. բայց կը նշանակէ, որ պէտք է մերժենք այնպիսի մեկնաբանութիւններ, որոնք կը հակասեն Քրիստոսի ուսուցումներուն, ոգիին, կամ զԱստուած տարբեր կը ներկայացնեն, քան այն՝ ինչ որ Քրիստոս յայտնած է մեզի։

Օրինակ, Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Չեմ արտօնէր, որ կին մը այր մարդուն սորվեցնէ կամ հեղինակութիւն բանեցնէ անոր վրայ։ Ընդհակառակը, պէտք է լուռ մնայ, որովհետեւ նախ Ադամ էր որ ստեղծուեցաւ, եւ յետոյ միայն Եւա» (Ա. Տիմ 2։12-13). եւ հատուածը կ’ամբողջացնէ, «կինն ալ կը փրկուի զաւակներ ծնելու համար» խօսքով։

Այս խօսքերը կրնան դժուարութիւն ստեղծել, մանաւանդ եթէ նկատի ունենանք չամուսնացած կամ զաւակ չունեցող կիները։ Բայց մենք գիտենք, որ մեր փրկութիւնը կախում չունի զաւակներ ծնելէ, այլ Քրիստոսի կեանքով ու խաչով իրականացած փրկագործութեամբ։ Հետեւաբար պէտք չէ ընդունիլ որեւէ մեկնութիւն մը, որ այս ոգիին կը հակառակի. իսկ Պօղոս առաքեալին խօսքերը հարկ է ուսումնասիրել եւ հասկնալ պատմական իր համատեսքին մէջ՝ առանց եզրակացնելու, թէ Քրիստոնէութիւնը կ’անարգէ կիները։

Քրիստոսակեդրոն ընթերցանութիւնը կ’օգնէ մեզի Աստուածաշունչին դժուար հասկնալի հատուածները ուսումնասիրելու։

Կարդացա՞ծ էք Յոբի պատմութիւնը, որ կը ներկայացնէ թէ ինչպէս Աստուած կ’արտօնէ Սատանային Յոբը փորձութեան մատնել սպաննելով անոր ընտանիքի անդամները, փաստելու համար սատանային, թէ Յոբ հաւատարիմ է Իրեն։ Չեմ կարծեր այսօր ոեւէ մէկս կ’ուզենք պատկերացնել, որ Աստուած այդպիսին է։ Քրիստոսակեդրոն ընթերցանութիւնն ալ չ’արտօնէր մեզի ընդունիլ թէ Աստուած այդպիսին է։ Իսկ այդ պատմութեան հիմնական ուղերձը Աստուծոյ հաւատարիմներուն վարձատրութիւնն է, այլ ոչ թէ Աստուծոյ եւ Սատանային միջեւ պայքարը։

Եզրակացնելու համար, Աստուածաշունչը Աստուծոյ յայտնութիւնն է, որ մեզի կը պարգեւէ ամենէն կարեւոր ճշմարտութիւնները. ընթերցենք զայն խոնարհ սրտով, սիրով ու համբերութեամբ, որպէսզի թոյլ տանք Սուրբ Հոգիին ներգործել մեր մէջ եւ առաջնորդել մեզ մեր հաւատքի ճամբուն վրայ։

Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան