Կիրակի, 2 Փետրուար 2025-ի երեկոյեան, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ` Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, ընկերակցութեամբ եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ` Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեանի եւ Եկեղեցւոյս Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ` տիկին Սիլվանա Պապիկեանի ու Յակոբ Սրկ. Կիրակոսեանի, ներկայ գտնուեցան Օնթարիօ Նահանգի Երեսփոխանական թեկնածու հայազգի զաւակ Տիար Արիս Պապիկեանի ընտրարշաւի հաւաքին (Aris Babikian Scarborough-Agincourt):
Հայր Սուրբին գլխաւորած շքախումբը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Տիար Արիս Պապիկեանին եւ Օնթարիոյ Նահանգի Վարչապետ` Տիար Տակ Ֆորտին (Premiere of Ontario Doug Ford), որ յատուկ կերպով ներկայ էր այս առիթով իր սրտի խօսքը արտասանելու: