
Շաբաթ, 19 Սեպտեմբեր 2026-ին, Գանատայի Յունաց Արքեպիսկոպոսարանի հրաւէրով, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արքեպիսկոպոս Չարեան, իր շքախումբով ներկայ գտնուեցաւ Գանատայի Յունաց նորընտիր Արքեպիսկոպոս՝ Գերշ. Տ. Ափոսթոլոս Քուֆալաքիսի գահակալութեան արարողութեան։
Առաջնորդ Սրբազան Հօր ընկերակցեցան Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեան, Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեան եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիկին Ծովիկ Թերզեան։
Այս առիթով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յանուն Գանատայի Հայոց Թեմի, շնորհաւորեց նորընտիր Արքեպիսկոպոսը՝ մաղթելով անոր քաջառողջութիւն, արեւշատութիւն եւ երկարամեայ ու բեղուն հովուական ծառայութիւն։
Արարողութենէն ետք Առաջնորդ Սրբազան Հայրը նորընտիր Արքեպիսկոպոսին յանձնեց յուշանուէր մը։