Կիրակի, 11 Մայիս 2025-ին, Կաթողիկոսարանի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուեցաւ դպրաց եւ կիսասարկաւագաց ձեռնադրութիւն, օրհնութեամբ ու նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի եւ ձեռամբ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի։
Դպրութեան աստիճաններ ստացան Դպրեվանքի հետեւեալ աշակերտները.- Կարպիս Կարապետեան, Ալպերթօ Չափարեան, Հայկ Աղաճանեան, Քրիստ Աշըգեան, Դաւիթ Աւագեան, Աբիկ Էօլճէքեան, Խաչատուր Լալայեան, Աւետիս Մարգարեան, Արթիւր Դանիէլեան, Գէորգ Ինճէեան, Լեւոն Պաթմանեան, Գաբրիէլ Պիթարեան եւ Յովսէփ Պիթարեան. իսկ կիսասարկաւագ ձեռնադրուեցան՝ Գարլօ Մարտիրոսեան, Սարգիս Նահապետեան, Ներսէս Պաճաքեան, Յովհաննէս Սաղիրեան, Յովիկ Խաչիկեան եւ Նարեկ Պոյաճեան։