ԳՈՀԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ ԵՒ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐԻ ՕԾՈՒՄ

Կիրակի, 20 Սեպտեմբեր 2026-ին, Գանատայի Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերաշնորհ Տ. Բաբգէն Արք. Չարեան նախագահեց Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը։ Առաջնորդ Սրբազան Հօր առընթերակից էին Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերապատիւ Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանն ու Առաջնորդի Օգնական՝ Հոգեշնորհ Տ. Յակոբ Վրդ. Եագուպեանը։

Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը մատուցեց Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժանապատիւ Տ. Տաթեւ Աւ. Քհնյ. Միքայէլեանը։

Ներկայ էին նաեւ Ազգային Վարչութեան, Հոգաբարձութեան, ՀՅԴ Բիւրոյի, Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Կոմիտէի անդամներ։

Պատարագի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը օծեց Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի սրբապատկերը, որ Գանատայի Հայոց Թեմի նուէրն է Թորոնթոյի «ՆԱՐԵԿ» կրթական եւ մշակութային համալիրին։ Սրբապատկերը գործն է՝ արուեստագէտ Հայր Յովսէփ Աշքարեանի։

Սրբապատկերի օծումէն անմիջապէս ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հօր նախագահութեամբ կատարուեցաւ «Գոհաբանական Մաղթանք»՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 35-ամեակին առիթով։

Արարողութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր պատգամը փոխանցեց ներկաներուն։ Իր քարոզին մէջ, Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ աղօթքի կարեւորութեան՝ շեշտելով, որ քրիստոնեային կեանքին մէջ աղօթքը պէտք է ըլլայ շարունակական եւ անկեղծ հաղորդակցութիւն մեր ստեղծիչին եւ գոյութեան աղբիւրին՝ Աստուծոյ հետ։

«Պատմութիւնը մեզի սորվեցուցած է դառն, բայց անհրաժեշտ ճշմարտութիւն մը. աշխարհի մէջ պետութիւնները սովորաբար ուրիշին չեն օգներ, եթէ իրենց շահերը այդպէս չեն թելադրեր։ Մեր ժողովուրդը այս իրողութիւնը սորվեցաւ Ցեղասպանութեան ահաւոր օրերէն մինչեւ Արցախի ողբերգութիւնը եւ մեր նորագոյն տառապանքները։ Հետեւաբար, բարեկամներ ունենալով հանդերձ, մենք նախ պէտք է վստահինք Աստուծոյ, հաւատանք մեր սեփական ուժերուն եւ պահպանենք մեր ազգային միասնականութիւնը։ Իշխանութիւնները կու գան ու կ՚երթան։ Կառավարութիւնները կը փոխուին, ղեկավարները իրենց ժամանակը կ՚ունենան եւ ապա կը հեռանան։ Ո՛չ մէկ իշխանութիւն կարելի չէ համեմատել հայրենիքին հետ։ Հայրենիքը մնայուն արժէք է» ըսաւ Բաբգէն Արքեպիսկոպոս։

ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ