ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ

Խաչի տօներուն մէջ հանդիսաւորապէս կը նշուի նաեւ Գիւտ Խաչի տօնը: 313 թուականին, Հռոմէական կայսրութեան կողմէ նշանաւոր Մելանոյի հրովարտակով, երբ կայսրութեան սահմաններէն ներս Քրիստոնեաներուն արտօնութիւն կը տրուի ազատ կերպով դաւանելու Քրիստոնէութիւնը, Երուսաղէմը կը դառնայ ուխտավայր, ամէն կողմերէն հաւատացելներ ուխտի կ’երթային, այցելելու Քրիստոսակոխ սրբավայրերը: Երուսաղէմ ուխտի կու գայ նաեւ Կոստանդիանոս կայսեր մայրը, Հեղինէ թագուհին, 327 թուականին: Բարեպաշտ Թագուհին Երուսաղէմի մէջ հետամուտ կ’ըլլայ Քրիստոսի Խաչափայտը տեսնելու, կը բարձրանայ Գողգոթա, որ այդ ժամանակ մոռացութեան վայրի վերածուած էր եւ կը գործածուէր որպէս աղբանոց: Բարեպաշտ Յուդա անուն Երուսաղեմացի Հրեայ մը ցոյց կու տայ Խաչին պահուած տեղը: Աղբերուն մէջէն դուրս կը բերուին երեք խաչեր, ստուգելու համար թէ որն է Յիսուսի  Խաչափայտը, մեռած պատանիի մը դիակը կը մօտեցնեն խաչերուն, իսկոյն կը հասկցուի թէ երրորդն էր՝ որուն  հպումով պատանին յարութիւն կ’առնէ:

Երուսաղէմի, Կիւրեղ Եպիսկոպոսը, որ այդ օրուան սուրբ տեղերու հայրապետն էր, կը բարձրացնէ Ս. Խաչը ի տես հաւատացեալներուն, որոնք երկիւղածութեամբ կ’երկրպագեն եւ փառք կու տան: Այս եղելութեան պատմական յիշատակն է, որ կը կատարուի, ամէն տարի հոկտեմբեր 26-ի մօտակայ կիրակին, «ԳԻՒՏ ԽԱՉԻ» անուան ներքեւ:

ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԿԸ ՆՇԷ «ԵՐԿՈՏԱՍԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ» ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Քրիստոսի խորհրդական մարմնին՝ Սուրբ Եկեղեցւոյ կեանքին, ուսուցումներուն ու առաքելութեան մէջ մեծ դեր եւ ներդրում ունեցած տասներկու առաքինազարդ վարդապետները արժանաւորապէս իրենց յիշատակի օրն ունեցած են Հայ Եկեղեցւոյ տօնացոյցին մէջ: Մեծամասնութեամբ եղած են տիեզերական Աթոռներու հայրապետներ, սակայն Վարդապետ կոչուած են, որովհետեւ ուղղափառ հաւատքի ճշգրիտ ուսուցումն ու ջատագովութիւնը նախադրած են քան իրենց դիրքը:

Արեւելեան եւ արեւմտեան եկեղեցիներու մտածողութեանց համադրումը համարուող 12 Վարդապետներն են.

1. Ռէթէոս Աթենացի: Ան ուսուցիչն ու առաջնորդը եղած է Դիոնիսիոս Արիսպագացիին:

2. Դիոնիսիոս Արիսպագացի (Աթէնքի եպիսկոպոս): Ան Պօղոս առաքեալի ձեռամբ ստացած է եպիսկոպոսական կարգ եւ նշանակուած Աթենքի եպիսկոպոս: Անոր մասին հակիրճ արձանագրութիւն մը կը գտնենք Առաքեալներու Գործերը գիրքին մէջ (17.32-34):

3. Սեղբեստրոս Հռոմայ Հայրապետ: Ան կազմակերպած է Հռոմի եկեղեցին: Այստեղ կարեւորութեամբ շեշտենք, թէ Սեղբեստրոս Հայրապետին մասունքը կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարանի մասունքներու հաւաքածոյին մէջ։

4. Աթանաս Աղեքսանդրացի (Աղեքսանդրիոյ Հայրապետ): Ան Նիկիոյ ժողովի սկզբունքները պաշտպանած է ընդդէմ արիոսականներու եւ եկեղեցւոյ կողմէ անուանուած է ուղղափառ հաւատքի սիւնը:

5. Կիւրեղ Երուսաղէմայ Հայրապետ: Ան գրած է «Կոչումն Ընծայութեան» անունը կրող աստուածաբանական ամենահին աշխատասիրութիւնը, որ 5-րդ դարուն թարգմանուած է հայերէնի:

6. Եփրեմ Խուրի Ասորի: Ան հեղինակած է բազմաթիւ հոգեւոր բանաստեղծութիւններ, աղօթքներ եւ մեկնողական աշխատանքներ:

7. Բարսեղ Կեսարացի: Ան եղած է Կեսարիոյ հայրապետ: Քրիստոնէական եկեղեցւոյ մէջ աղօթական կեանքի եւ վանական վարքի ջատագովը հանդիսացած է: Գրած է վանական կեանքի կանոններ, ինչպէս նաեւ պատարագամատոյց մը:

8. Գրիգոր Նիւսացի (Նիւսիոյ Հայրապետ): Ան Բարսեղ Կեսարացիի կրտսեր եղբայրն է: Մասնակցած է Կ. Պոլսոյ ժողովին: Գրած է «Յաղագս Բնութեան Մարդոյ» աստուածաբանական երկը:

9. Գրիգոր Աստուածաբան (Նազիանզացի): Եղած է Կ. Պոլսոյ հայրապետ: Նազիանզացին նախագահած է Կ. Պոլսոյ սուրբ ժողովին: Իր թողած աստուածաբանական բազմաթիւ աշխատանքներուն շնորհիւ ստացած է աստուածաբան մակդիրը՝ Յովհաննէս առաքեալի նման իբրեւ կրօնուսոյց եւ աստուածաբան դէմք անզուգական են անոր թողած հետքերն ու ազդեցութիւնը:

10. Եպիփան Կիպրացի (Սալամինիոյ Եպիսկոպոս): Անդադար քարոզած եւ պայքարած է արիոսականներուն եւ Որոգինէսի հետեւորդներուն դէմ: Իր գործերէն ամենանշանաւորը եղած է «Գիրք Հերձուածոց»ը, ուր կը խօսի հին թէ օրուան աղանդաւորներուն մասին:

11. Յովհաննէս Ոսկեբերան (Կ. Պոլսոյ Հայրապետ): Անոր համբաւը կայացած է իր մարդասիրական եւ ընկերային ծառայութեանց, ինչպէս նաեւ անզուգական քարոզխօսութեան մէջ: Յովհան Ոսկեբերան հայրապետ բարեկարգած է կղերը, կանոնաւորած աղքատաց խնամքը եւ կառուցած բազմաթիւ բուժարաններ: Իր գրական աշխատանքներուն մէջ կան պատարագամատոյց մը եւ բազմաթիւ քարոզներ ու Աստուածաշունչի մեկնութիւններ:

12. Կիւրեղ Աղեքսանդրիոյ Հայրապետ: Ան նախագահած է Եփեսոսի ժողովին: Իր գաղափարներով ջախջախած է նեստորականութիւնը՝ «Միաւորեալ մի բնութիւն» բանաձեւով, որ նաեւ հիմը դարձած է Հայ Եկեղեցւոյ դաւանաբանութեան:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան