ԲԵՐՔԻ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

Շաբաթ, 26 Սեպտեմբեր 2026-ի երեկոյեան ժամը 6-էն սկսեալ, Թորոնթոյի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ շրջափակը համախմբեց բազմաթիւ հայորդիներ՝ Բերքի օրհնութեան աւանդական խրախճանքին առիթով։ Հայկական երգն ու պարը, համեղ ճաշերն ու ջերմ հիւրընկալութիւնը ստեղծեցին ընտանեկան ուրախ մթնոլորտ մը՝ շնորհիւ եկեղեցւոյ նուիրեալ կամաւորներու ջանքերուն։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան ատենապետ՝ Բրշ. Կարօ Սրկ. Սարգիսեանը, որ ողջունեց ներկաները եւ բոլորին մաղթեց հաճելի երեկոյ մը։ Ապա իր օրհնութեան խօսքը փոխանցեց եկեղեցւոյ Հոգեւոր Տեսուչ՝ Գերպ. Տ. Գարեգին Ծ. Վրդ. Շխրտմեանը՝ ընդգծելով նման ձեռնարկներու կարեւորութիւնը հայ ընտանիքները համախմբելու եւ մեր ազգային աւանդութիւնները վառ պահելու գործին մէջ։

Տօնակատարութեան այցելեց նաեւ Թորոնթոյի քաղաքային խորհուրդի անդամ եւ քաղաքապետի թեկնածու՝ Պրատ Պրատֆըրտը։ Իր ողջոյնի խօսքին մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ՝ ջերմ ընդունելութեան եւ այս գեղեցիկ տօնակատարութեան մասնակից դառնալու առիթին համար։

Երեկոն իր հայկական երգերով ու աւանդական երաժշտութեամբ ճոխացուց երգիչ Մհեր Մինասեանը եւ Dj Ajem-ը։ Ներկաները առիթ ունեցան վայելելու համեղ ուտեստներ, հայկական տարազներով լուսանկարուելու եւ այցելելու վաճառքի տաղաւարները։