ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ  ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ  ՊԱՀՈՑ

Եսայիի Մարգարէութիւն

«Ո՛վ Յակոբի տունը, եկէ՛ք Տիրոջ լոյսով քալենք» (2.5)

Աստուածաշունչ մատեանի բոլոր պատումներուն մէջ, լոյսը իւրայատուկ նշանակութեամբ եզակի տեղ գրաւած է մարդկային պատմութեան մէջ: Ան ներկայացուած է որպէս կեանքի խորհրդանիշ, ջերմութիւն պարգեւող, անորոշութիւնները փարատող եւ ապահովութիւն ներշնչող ճշմարտութիւն, որուն անհրաժեշտութիւնը կը զգանք ամէնուրեք եւ ամէն վայրկեան:

Յակոբի սերունդին եղած կոչը իրականութեան մէջ համամարդկային հրաւէր մըն է ընթանալու լոյսի ճամբով՝ Լուսաղբիւրին: Ընդհանրապէս աստուածաշնչական եւ մասնաւորաբար Նոր Կտակարանեան հասկացողութեամբ, լոյսը Ս. Երրորդութեան խորհրդանիշ է, որ տարբեր առիթներով լոյսի  տեսքով ներկայացուած է:

Մատթէոսի աւետարանին  մէջ Եսայի մարգարէի բերնով կ’ըսուի.« Այն ժողովուրդը որ խաւարի մէջ կ’ապրէր, մեծ լոյս մը տեսաւ. Եւ մահուան աշխարհին ու շուքին մէջ ապրողներուն վրայ լոյս ծագեցաւ» (Մտ 4.16): Ակնարկութիւնը Քրիստոսի մասին է: Ան որպէս լոյս ծագեցաւ խաւարի մէջ ապրողներուն վրայ: Հետեւաբար, Ան որպէս կեանք եկաւ մահուան շուքին մէջ ապրողները դէպի կեանք առաջնորդելու: Եսայի մարգարէի վկայութենէն ետք, Քրիստոս Ինքնիր մասին կ’արտայայտուի՝ ըսելով. «Ե՛ս եմ աշխարհի լոյսը: Ով որ ինծի կը հետեւի՝ խաւարի մէջ պիտի չքալէ, այլ պիտի ունենայ այն լոյսը որ կեանքին կ’առաջնորդէ» (Յհ 8.12): Բնականաբար Քրիստոս ո՛չ միայն աշխարհին լոյսն է, այլեւ՝ ամբողջ տիեզերքին ու արարչագործութեան:

Քրիստոս Իր աշակերտներուն ըսաւ. «Ան որ գիշեր ատեն կը քալէ՝ կը սայթաքի, որովհետեւ լոյս չունի» (Յհ 11.10):

Քրիստոսի այս պատուէրը կը պարզէ, թէ ան որ իր կեանքը կը փորձէ հիմնել Քրիստոսէ հեռու եւ իր յոյսն ու հաւատքը Անոր վրայ չի  հաստատեր, շատ դիւրաւ կը տապալի, որովհետեւ աւազի վրայ շինած տունը դժուարութեան եւ փորձութեան դիմաց կը քանդուի եւ փուլ կու գայ:

Քրիստոս որպէս աշխարհի լոյս Իր աշակերտները եւս լոյս կոչեց եւ անոնց պատուիրեց լուսաւորել իրենց շրջապատը ըսելով. «Դո՛ւք էք աշխարհի լոյսը» (Մտ 5.14): Այս պատուիրանը միայն աշակերտներուն ուղուած չէ, այլ՝ բոլոր քրիստոնեաներուն: Իւրաքանչիւր հաւատացեալ որ ինքզինք Աստուծոյ հաւատարիմ եւ Քրիստոսի զաւակ կը նկատէ՝ լոյս ըլլալու պատասխանատւութեան տակ կը գտնուի: Մենք մեր կենցաղով, որպէս լոյսի որդիներ, բարի օրինակ ըլլալու եւ մեր շրջապատին լոյս դառնալու պարտաւորութիւնը ունինք: Ինչպէս որ լերան վրայ շինուած քաղաքը չի կրնար պահուըտիլ, այնպէս ալ մենք լոյսի ներգործութեամբ պէտք է գործենք մարդոց կեանքէն ներս եւ լուսաւորենք անոնց ներաշխարհը:

Քրիստոսի հետեւելով լոյսի որդիներ կը դառնանք, այնպէս ինչպէս կը նկարագրուի նաեւ Յայտնութեան գրքին մէջ. «Այնտեղ այլեւս գիշեր պիտի չըլլայ, եւ ա՛լ պէտք պիտի չունենանք ճրագի եւ արեւու լոյսի, որովհետեւ Տէր Աստուած ինք պիտի լուսաւորէ զանոնք, անոնք պիտի թագաւորեն յաւիտեանս յաւիտենից» (Յյտ 22.5):

 Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան