ԱՒԵՏՈՒՄՆ ՍՈՒՐԲ ԿՈՅՍ ՄԱՐԻԱՄԻ

Ապրիլի 7-Ին, Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին կը նշէ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածինի աւետման տօնը:

Աւետարաններուն համաձայն՝ այս օրը Գաբրիէլ Հրեշտակապետը Աստուծոյ կողմէ կը ղրկուի Գալիլիայի Նազարէթ քաղաքին մէջ բնակող Մարիամ անունով աղջնակի մը մօտ, որպէսզի աւետէ թէ Աստուած զինք ընտրած է իր զաւկին մայր ըլլալու, որ պիտի ըլլայ աշխարհի Փրկիչը, որուն կը սպասէ ամբողջ մարդկութիւնը. «Անիկայ մեծ պիտի ըլլայ եւ Բարձրեալին Որդի պիտի կոչուի», «Անոր թագաւորութիւնը անվախճան պիտի ըլլայ» (Ղկ 1.32-33): Մանուկին մասին այսպէս կ’ըսէ հրեշտակապետը: Այս աւետիսը անակնկալ մըն էր Մարիամի համար, սակայն ան լուր եւ խոնարհութեամբ կը հնազանդի աստուծային նախախնամութեան որոշումին: «Աստուծոյ աղախինն եմ, թող քու ըսածդ ըլլայ» (Ղկ 1.38), կ’ըլլայ Մարիամի պատասխանը:

Ս. Կոյս Մարիամի մայրանալը, մարդկային կեանքին մէջ մայրութեան գաղափարը նորովի խորհուրդի բացայայտում մը եղաւ, այսօր ալ այդպէս կը դիտուի, որպէս աստուածային հրաշք: Աստուածածինը ընդունելով դժուար սակայն քաղցր այս պարտականութիւնը, աւելի մօտ կ’ըլլայ Աստուծոյ, նոյնպէս ալ կիներ աւելի մօտ կ’ըլլան Աստուծոյ՝ նմանելով Ս. Կոյս Մարիամին՝ իբրեւ նոր կեանք պարգեւող էակներ:

Մարդկութեան համար «Մայր» հասկացողութիւնը միշտ ալ նուիրական եղած է: Մանաւանդ հայերուս մօտ, հայրենիքը կը կոչենք «Մայր հայրենիք», մեր եկեղեցին՝ «Մայր եկեղեցի», լեզուն՝ «Մայրենի լեզու», երկրի կարեւորագոյն քաղաքը՝ «Մայրաքաղաք»:

Երեխաները իրենք զիրենք աւելի հանգիստ ու ապահով կը զգան մօր գրկին մէջ, ինչպէս որ բոլորս մեր հանգիստը կը գտնենք մեր բոլորի «Մայր Հայրենիքի»ն մէջ:

Այսօրը մեր եկեղեցին կոչած է նաեւ աստուածայինին ու մարդկայինին միաձուլման օր, այսօրը նաեւ շատ կարեւոր է, այն իմաստով, որ մարդ պէտք է ձգտի սուրբ ըլլալու եւ հնազանդելու աստուածային նախախնամութեան, Աստուածամօր նման, կրելու Քրիստոսը մեր մէջ, անսահման խոնարհութեամբ եւ հեզութեամբ:

Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան